-Հետեւեալ պաշտօնական զեկոյցը կը հրատարակուի «Ազատ Օր»ի 25 Փետրուարի էջին մէջ՝ ստորագրուած Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Գ. Տէմիրճեանի, Առաջնորդ Կաթողիկէ հայոց Խանցեանի եւ Առաջնորդ հայոց Յունաստանի Սահակ Արքեպիսկոպոսի կողմէ.- Այսու ի գիտութիւն կը հաղորդուի յունահայ մեր պատուական ժողովուրդին թէ 1965 Փետրուար 22-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ առաջնորդ Սրբազան հօր եւ հայ կաթողիկէ ու հայ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերուս եւ մասնակցութեամբ իրենց վարչական մարմիններու, ինչպէս նաեւ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ. Կ. Խաչի ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ լայն խորհրդակցական ժողով մը, եւ զբաղեցաւ 1915 Ապրիլ 24-ի Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութեանց կազմակերպչական աշխատանքներով։ Սոյն ժողովին հրաւիրուած էին նաեւ Ռամկավար Ազատական եւ Հնչակեան կուսակցութեանց եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան ներկայացուցիչները։ Տեղի ունեցաւ գաղափարի փոխանակութիւն եւ միաձայնութեամբ որոշուեցաւ՝ մարդկային պատմութեան մէջ աննախընթաց եղող սոյն աղէտի յիսնամեակը տօնակատարել Յունահայ գաղութէս ներս եւս, եկեղեցական եւ աշխարհիկ բացառիկ հանդիսոթեամբ եւ շուքով։ Հանդիսութեանց Կազմակերպիչ Յանձնախումբի մը յառաջացման համար նկատի առնուեցան կարգ մը ազգայիններ, որոնց ի մօտոյ կը յղուին հրաւէրներ։ Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը միասնականութեամբ եւ համագործակցաբար պիտի նշեն սոյն տխրայուշ թուականը ու հանուր քաղաքակրթեալ աշխարհի արդար դատաստանին եւ խղճմտանքին ներկայացնեն հայութեան պատմական դատը, իր մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու արեան հատուցման անժխտելի իրաւունքով։
-Էրզրումէն ստացուած ստիպողական հեռագիրներ կը հաղորդեն, թէ ձիւներով փակուած ԹԵքման շրջանին մէջ երեւան եկած է անծանօթ հիւանդութեան համաճարակ մը, որ երեք օրուան ընթացքին 107 զոհեր խլած է։ Ասոնցմէ զատ, 800 հոգի կը պայքարին մահուասն դէմ, բժիշկներու եւ դեղօրայքի չգոյութեան պատճառով։