26 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՆԻՍՏԻՆ ՄԷՋ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Օրհան Էրալփ, յայտնապէս ջղայնացած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութենէն, հետեւեալ պատասխանը տուած է Քիփրիանուի յայտարարութեանց. – Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու յուսահատական փորձ կþընէ վարկաբեկելու Թուրքիան՝ դիմելով անցեալի էջերուն եւ ակնարկելով ջարդերու, որոնք իբր թէ տեղի ունեցած են թուրքերու կողմէ: Կը յանձնարարեմ, որ Քիփրիանու կարդայ ծանօթ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի «Արեւմտեան հարցը Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ» անուն հատորը՝ տեսնելու համար, թէ յոյները ինչպէ՞ս անմեղ թուրքեր ջարդած են Կրետէի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ»:
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՆԻՍՏԻՆ ՄԷՋ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու, այս անգամ պատասխանելով Էրալփի վերագրումներուն եւ ակնարկութեանց, շեշտած է մասնաւորաբար.
– Թուրքիոյ ներկայացուցիչը կրկին խօսեցաւ ջարդերու մասին: Ես առաջինը չեղայ այս հարցը քրքրող, որովհետեւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ երկու անգամ հելլէններու «ջարդարարութեանց» մասին լսելէ ետք է, որ հարկադրանքը զգացի յիշեցնելու նոյնինքն թուրքերու կողմէ կատարուած սպանդները, եւ, մասնաւորաբար, մէկուկէս միլիոն հայերու վրայ ի գործ դրուած ցեղասպանական արարքը: «Թուրքիոյ ներկայացուցիչը պատմաբան Թոյնպիի գործե՞րը կը յիշատակէ իբրեւ վկայութիւն՝ իր ամբաստանութեանց: Ես պիտի յանձնարարէի, որ՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը լրիւ կարդար Թոյնպիի բոլոր գործերը՝ տեսնելու համար, թէ իր երկիրը եւ պետութիւնը ինչպէ՛ս ուզած են բնաջնջել հայերը եւ կազմակերպած են ջարդերը:Յարգելի՛ ներկայացուցիչը հաւանօրէն շատ բան կարենայ գտնել հոն՝ Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած ցեղասպանական արարքներու մասին»: