Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»էն հետեւեալ տեղեկութիւնը կը քաղենք Կիպրոսի արտաքին նախարար պրն. Քիփրիանոսի ՄԱԿ¬ի Ընդհ. Ժողովին առջեւ Հայկական Եղեռնի մասին ըրած յայտարարութեանց շուրջ.¬ Կիպրոսի արտաքին նախարարը պրն. Քիփրիանու Երկուշաբթի խօսեցաւ ՄԱԿի Ընդհ. Ժողովին մէջ, պատասխանելով թուրք արտաքին նախարար Էրկինի, եւ այս առթիւ յիշեց 1915ի ՄԵծ Եղեռնը, որուն ենթարկուեցան հայերը, թուրքերու կողմէ, մէկուկէս միլիոն զոհեր տալով։ Պրն. Քիփրիանու յայտարարեց.¬ «Հարկադրուած կը զգամ այստեղ շեշտելու՝ թէ Թուրքիոյ արտաքին նախարար պրն. Էրկինի եւ առհասարակ Թուրքիոյ ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն կողմէ Կիպրոսի Հելլէններուն վերագրուած ցեղասպանութեան արարքը հիմ չունի, եւ եթէ ցեղասպանական արարք մը պիտի փնտռուի, այդ պարագային պէտք է յիշատակել նոյնինքն Թուրքիան, որ չվարանեցաւ 1915-ին մէկուկէս միլիոնէ աւելի հայեր զանգուածային սպանդի ենթարկել։ Ցեղասպանութեան առաջին փաստն էր ասիկա, որուն համար հայերը այսօր կը պատրաստուին 50-ամեակի հանդիսութիւններուն յիշեցնել համաշխարհային հանրային կարծիքին՝ թէ հատուցման իրաւունք մը ունին եւ պէտք է առնուազն ճանչցուին իրենց այդ իրաւունքները։ «Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պէտք է յիշեն հայութեան այս իրաւունքները, որոնք մոռցուած ըլլալ կը թուին։ Պէտք է այլեւս մտածել անոնց մասին»։

- Շատ մը վարակիչ հիւանդութիւններ ամբողջովին անհետացնելու խնդիրը լուծուելու վրայ է Հայաստանի մէջ։ Հանրապետութեան առողջապահական սպասարկութեան գլխաւոր բժիշկ Նինա Աղաջանեան, 1964-ի առաջին վեց ամիսներու ընթացքի հանրային առողջապահութեան նախարարութեան ձեռք բերած արդիւնքներուն մասին խօսելով յայտարարած է, թէ այս ժամանակաշրջանին կապոյտ հազի ախտը հինգ անգամ նուազած է, իսկ փոլիոմիելիթի քանի մը պարագաներ միայն պատահած են։ Տիֆթերիան զգալիօրէն նուազած է։ Թրախոմայի, ժանտախտի, բորոտութեան, մալարիայի ու քոլերայի պէս հիւանդութիւնները  շատոնց մոռցուած են Հայաստանի մէջ։