Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Երեւան հարուստ է պատմական յուշարձաններով։ Յիշենք մէկ քանին։ Շէնգաւիթ, որ քարի դարաշրջանի պատկանող բնակավայր մըն է. շինուած է Ք. ա. 4րդ, 3րդ հազարամեակներուն, Մուխանաթ Թափա, Ծիծեռնակաբերդ, երկուքն ալ անագապղինձի դարաշրջանին

պատկանող։ Արինբերդ, Կարմիր Բլուր, ուրարտական շրջանէն մնացած պատմական վայրեր են։ Եւ դեռ բազմաթիւ ուրիշ յուշարձաններ։ Պեղումներու, ինչպէս նաեւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին կը գտնուին մեծ քանակութեամբ հնագիտական առարկաներ՝ քարէ գործիքներ, խեցեղէն իրեր, արձաններ, զէնքեր եւայլն։ Գտնուած իրերուն մեծ մասը կը տեղաւորուին երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։ Սակայն, մինչեւ այսօր, ատոնց վերաբերեալ գրքոյկներ չէին հրատարակուած։ Ներկայիս հրապարակի վրայ է Ս. Եսայեանի պատրաստած «Հնագիտական իրերի քաթալոկը», որ բաղկացած է ներածական բաժինէ մը, չորս գլուխներէ, ցանկէ եւ նկարներէ։ Հեղինակը նախ կը ներկայացնէ հին Երեւանի պատմութիւնը, անշուշտ, սեղմ գիծերով։ Համաձայն պատմական տուեալներու, վեց հազար տարի առաջ զանազան ցեղեր ապրած են Երեւանի շրջանին մէջ։ Ք. ա. 8-րդ դարուն շինուած է Արինբերդ ամրոցը։ Այս ձեւով փաստօրէն կը սկսի Երեւան քաղաքի պատմութիւնը։ Բաժանումներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ պատմական ժամանակաշրջան մը։ Առաջինը՝ հին քարի շրջանը, երկրորդը՝ անագապղինձինը, երրորդը՝ ուրարտականը, չորրորդը՝ միջնադարեան ժամանակաշրջանը։ Հեղինակը մատչելի լեզուով մը նկարագրած է ամէն մէկ առարկային ձեւը, գտնուած վայրը եւ ժամանակաշրջանը։

 

- Քամերունի կառավարութիւնը՝ գնահատելով երկրի սուրճի առաջին արտածող Գուրգէն Գործունեանի թափած ճիգերը, Քամերունի անկախութեան հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, Յունուար 1-ին, «Արժէքի Կարգի Ասպետի» շքանշանով պատուած է զայն։ Գուրգէն եւ Սուրէն Գործունեան եղբայրներու գործունէութիւնը միշտ ալ մասնաւոր գնահատանքի արժանացած է Քամերունի կառավարութեան կողմէ։