Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Միջնադարեան հայ արուեստի գեղեցիկ մէկ երեւոյթին՝ հայկական մանրանկարչութեան նուիրուած է «Կիլիկիայի ԺԲ. – ԺԳ. դարերի մանրանկարչութիւնը» նոր աշխատութիւնը, որ վերջերս լոյս տեսած է: Աշխատութիւնը քննութեան կþ ենթարկէ Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան զարգացումը անոր ամէնէն բարձր ծաղկուն շրջանին: Գիրքին հեղինակը՝ Լեւոն Ազարեան, ցոյց կու տայ կիլիկեան մանրանկարչութեան զարգացման պատկերը: Ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս բուն Հայաստանի գեղարուեստական աւանդութիւններու եւ Բիւզանդիոնի եւ մասամբ նաեւ Արեւմուտքի արուեստին հիման վրայ կը ձեւաւորուի անոր ոճը, որ աչքի կը զարնէ իր նրբութեամբ եւ նրբագեղութեամբ: Գիտնականը կը փորձէ դասաւորել մանրանկարիչներու դպրոցները՝ զանոնք դասակարգելով ըստ այն ժամանակուան գրչութեան հիմնական կեդրոններուն՝ Դրազարկ, Սկեւր եւ Հռոմկլայ: Ազարեան առանձին գլուխ մը յատկացուցած է մանրանկարչութեան ծանօթ վարպետ Թորոս Ռոսլինի: Վերլուծելով անոր ստեղծագործութիւնները՝ հեղինակը այն եզրակացութեան կը յանգի, որ ասոնք ոճի տեսակէտէն կը տարբերին անանուն այն գործերէն, որոնք աւանդաբար կը վերագրուին Ռոսլինի: Ան կ՛ենթադրէ, թէ այդ անանուն գլուխ գործոցներուն ետեւ պահուըտած են Ռոսլինի ժամանակակից նկարիչներուն անունները, որոնք վարպետութեամբ եւ ինքնատիպութեամբ համազօր են անոր արուեստին: «Կիլիկիայի ԺԲ. ¬ ԺԳ. դարերի մանրանկարչութիւնը» գիրքը հայկական մանրանկարչութեան այդ ժամանակաշրջանը լուսաբանելու առաջին փորձն է Հայաստանի մէջ:

- 28 Յունուար, Լեւոն Քէշիշեանէն ստացանք հետեւեալ հեռագիրը.- ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը պատասխանելով Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին՝ ըսաւ. «Կիպրոսի ներկայացուցիչը նեղութիւն յանձն առաւ երթալու ետ, անցեալին մէջ, իբր թէ թուրքերու կողմէ գործադրուած կարգ մը կոտորածները յիշելու»: Թուրք ներկայացուցիչին խօսքերը գէշ տպաւորութիւն թողուցին այն անդամներուն վրայ, որոնք տեղեակ են հայկական ջարդերէն: