- Անգարայէն 19 Յունուար թուականով կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն.- Փոխել որոշուեցաւ յատակագիծը Թուրքիոյ ամէնէն արդիական մզկիթին, որ 21 միլիոն պիտի արժէ, այն պատճառաբանութեամբ, թէ «մինարէները հրթիռի կը նմանին»: Անգարա Քոճեթերէի մէջ շինութեանը ձեռնարկուած մզկիթին ճարտարապետին ու ընկերակցութեան վարիչներուն միջեւ անհամաձայնութիւն ծագած է: Ընկերակցութեան նախագահը ատալեթական երեսփոխան Հաքքը Եըլանլըօղլուն է: Ընկերակցութեան մօտիկ շրջանակները առարկած են մզկիթին յատակագիծին՝ ըսելով. «Այս մինարէները հրթիռի կը նմանին, մինչ հրթիռը կեավուրի գիւտ է»:
- Անգարայէն կը գրեն.- Վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւ ժողով մը գումարեց վարչապետարանին մէջ՝ համալսարանի վերատեսուչին, տեսուչներու եւ կարգ մը փրոֆեսէօրներու հետ, համալսարաններու մէջ ծայր տուած աջ եւ ձախ վտանգաւոր հոսանքներու մասին: Ինէօնիւ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս վտանգին վրայ եւ պահանջեց, որ անմիջական միջոցներ ձեռք առնուին: Ինէօնիւ ըսաւ ժողովականներուն. – Այս հոսանքները իսկական վտանգ մը կը կազմեն այլեւս, պէտք է արմատական միջոցներ ձեռք առնել: Առանց վնասելու համալսարանի ինքնավարութեան՝ պէտք է անվնաս վիճակի մը վերածել զանոնք: Ժողովին մասնակցեցան նաեւ փոխվարչապետ Քեմալ Սաթըր, ներքին գործոց նախարար Օրհան Էօզթրաք, կրթութեան նախարար Իպրահիմ Էօքթեմ: – Իբրեւ կառավարութիւն՝ պարտաւոր ենք արթուն գտնուիլ,- ըսաւ Ինէօնիւ, խիստ միջոցներ ձեռք պիտի առնենք համալսարանի ծայրայեղական հոսանքներուն դէմ՝ առանց բռնանալու գաղափարի ազատութեան վրայ:
- Թրքական թերթերէն կ'իմանանք.- Զմիւռնիոյ Քորուճու գիւղին մէջ Իմամ Թելել Եաւուզ ձերբակալուեցաւ քարոզի ընթացքին պնդած ըլլալով, որ՝ «ծոմ չբռնողները եւ նամազ չառնողները համայնավար են»: Հասկցուած է, որ Ռամազանը սկսելէն ի վեր իմամը նման գրգռիչ քարոզներ կու տար: