Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Աթէնքի առաւօտեան մեծագոյն օրաթերթերէն «Քաթիմերինի» կը գրէ. «Աթէնքի մէջ զարմանք եւ հեգնական արտայայտութեանց տեղի տուին Անգարայէն ստացուած այն տեղեկութիւնները, թէ թրքական մշակութային հաստատութեանց  համաժողովները, խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին համար մտադիր են իբրեւ թեկնածու առաջարկել թուրք վարչապետ պրն. Իսմէթ Ինէօնիւն։ Կարգ մը շրջանակներ հեգնանքով դիտել կուտային, որ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին համար անտարակոյս, ամէնէն յարմար թեկնածուն է պրն. Ինէօնիւ, քանի որ իր գործունէութեան բաժնին մէջ ունի հայոց ջարդերը եւ Կիպրոսի մէջ անզէն բնակչութեան անցեալի տարուան ռմբակոծումները»։

- Թրքական Ծերակոյտի պատկան յանձնախումբը մերժեց ընտրական օրէնքը, որուն վրայ, յառաջիկայ ընտրութեանց համար, մեծ յոյսեր դրած էր Ինէօնիւի կառվարութիւնը։ Խորհըրդարանը վաւերացուցած էր օրինագիծը։ Ծերակոյտի յանձնախումբը օրինագիծը մերժեց եօթը քուէով։ Օրինագիծին ի նպաստ քուէարկեցին երեք ծերակուտականներ։ Երկու հոգի ալ ճերմակ քուէ նետեցին։ Ճերմակ քուէ նե- տողները յեղափոխութեան սպաներ են, որոնք ցկեանս ծերակուտական եղան։ Թրքական Սահմանադրութեան համաձայն, ներկայիս, օրինագիծը պիտի քննուի խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի խառն նիստին մէջ։ Վաւերացուելու համար 318 քուէ պէտք է ստանայ, ինչ որ դիւրին չի նկատուիր։

- Երեսփոխան Գարաման պաշտպանութեան նախարարութեան նախահաշուին շուրջ խօսելով՝ պահանջեց՝ որ զինուորական ծառայութեան շրջանը ասկէ ետք 18 ամիս ըլլայ եւ ներկայիս ՆԱԹՕ¬ի հակակշռին տակ գտնուող մի- աւորները ետ կանչուին։ Ծերակուտական Քեմալ Ինթիրիմ խօսք առնելով ըսաւ՝ որ Թուրքիոյ կէս միլիոննոց բանակը մեծ ծախքերու կը կարօտի ու պահանջեց անոր թիւը պակսեցնել։