- Թեսաղոնիկէի մէջ կենսունակ կազմակերպութիւններէն Հ. Մ. Ը. Մ.ը, ամսոյս 17-ի Կիրակին, երեկոյեան ժամը 8-ին, քաղաքիս «Ֆիլոբթոխոն»ի շքեղ սարհին մէջ, կազմակերպած էր ընտանեկան գեղեցիկ երեւոյթ մը, որուն ներկայ էին՝ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. Իշխանութիւնը, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ Տեղական, Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութիւն եւ «Ադամեան» Թատերասիրաց միութեան վարչութիւնները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկները, ստուար թիւով երիտասարդներ եւ երկսեռ հայրենակիցներ, որոնք փութացած էին քաջալերելու իրենց սիրած միութեան այս ձեռնարկը եւս։ Ներկայ եղաւ նոյնպէս նախկին Հ.Մ.Ը.Մ.ական փորֆ. Արթօ Աբրահամեան, որ Միաց. Նահանգներէն հիւրաբար քաղաք կը գտնուէր, իր հօր՝ տքթ. Աբր. Աբրահամեանի վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելուն առթիւ։ Հաւաքոյթը բացաւ վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Մարտիկեան, որ կտրեց Կաղանդի աւանդական գաթան ու բաժնեց զայն մարզիկներուն։ Աւելի ուշ գաթայի շերտեր հրամցուեցան նաեւ բոլոր ներկաներուն, եւ երեկոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, եւրոպական պարերով եւ հայկական երգերով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
- Յունուար 24-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ միութեան տարեկան անդամական ընդհանուր ժողովը։ Ներկայ էր անդամներու երեք չորրորդը։ Վարչութիւնը կատարեց իր միամեայ բարոյական եւ նիւթական գործունէութեան հաշուետուութիւնը, երախտագիտութեամբ յիշատակելով Թեսաղոնիկահայութեան ցոյց տուած անվերապահ համակրանքը, գնահատանքն ու քաջալերանքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ։ Գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը՝ հետեւեալ կազմով.¬ քոյրեր՝ Այտա Պէրպէրեան եւ Արշալոյս Տիարեան, եւ եղբ.՝ Յակոբ Մարտիկեան, Խաչիկ Բարթեմեան, Կարապետ Գասպարեան, Ճիվան Պուլութեան, Վարդգէս Գունտաքճեան, Ալեքսի Փիւսկիւլեան եւ Մելքի Սիմոնեան։