9-րդ դարէն սկսեալ Հայաստանի մէջ կը ծաղկին բազմաթիւ քաղաքներ, որոնք իրենց գոյութիւնը կը պահեն դարեր շարունակ։ Այս կեդրոններուն մէջ կը ծաղկի հարուստ մշակոյթ մը՝ հոգեւոր եւ նիւթական, որ նոր աստիճան մը կը նկատուի հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։ Միջնադարեան Հայաստանի քաղաքներուն անցեալի ուսումնասիրութիւնը շատ կարեւոր է մեր պատմութեան համար։ Այս իմաստով կարեւոր գործ մը կատարած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից¬անդամ Բաբգէն Առաքելեան հրատարակելով շահեկան ուսումնասիրութիւն մը, «Քաղաքները եւ արհեստները Հայաստանում 9-13րդ դարերում» խորագրով։ Աշխատութեան առաջին մասը լոյս տեսած է 1955ին, երկրորդը՝ 1964ին, Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակութեամբ։ Օգտագործելով միջնադարեան քաղաքներու, յատկապէս Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անիի եւ միջնադարեան Հայաստանի կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Դուինի հնագիտական պեղումներուն արդիւնքները, որոնք ներկայացուած են Ն. Մառի, Յ. Օրբելիի, Կ. Ղաֆադարեանի աշխատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէն, արաբերէն, պարսկերէն, յունարէն, եւ վրացերէն գրաւոր աղբիւրները եւ հայ վիմագրական յուշարձաններուն տուեալները, աշխատութեան հեղինակը առաջին հատորին մէջ ներկայացուցած է քաղաքներուն ծագման եւ զարգացման պատմութիւնը 9-11-րդ դարերուն եւ քաղաքային արհեստներուն ու անոնց բազմաթիւ ճիւղերուն զարգացումը 9-13րդ դարերուն։ Հայկական լեռնաշխարհ հին մէջ այդ շրջանին կային 45 քաղաքներ եւ 23 գիւղաքաղաքներ։ Ասոնցմէ ամէնէն մեծերը կը գտնուէին միջազգային հաղորդակցութեան եւ առեւտուրի ճամբաներուն վրայ։ Բոլորն ալ առեւտուրի եւ արհեստագործական արտադրութեան կարեւոր կեդրոններն էին։ Աշխատութեան երկրորդ գիրքին մէջ ուսումնասիրուած են ապրանքերու արտադրութեան, առեւտուրի եւ դրամական շրջանառութեան զարգացումը 9-13րդ դարերուն, քաղաքներուն յետագայ վերելք 12րդ դարուն եւ 13րդ դարուն սկիզբները։