Յաղթանակի հայրը, Սըր Ուինսթըն Չըրչիլ մեռաւ Կիրակի 24 Յունուարի առաւօտ, իր բնակարանին մէջ։ Սնարին մօտ կը գտնուէին իր կինը՝ լէյտի Քլիմէնթին եւ աղջիկը՝ Մէրի։ Դրան առջեւ, ամբողջ գիշերը կը սպասէին տասներկու լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ։ Քիչ յետոյ պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ սըր Ուինսթընի մահուան գոյժը։ Ամբողջ Անգլիա խոր սուգի մատնուեցաւ։ Անգլիական ձայնասփիւռի կայանը (Պի¬Պի¬Սի) անմիջապէս դադրեցուց յայտագիրը եւ սկսաւ հեռարձակել Պեթհովենի հինգերորդ համանուագը, որուն առաջին խազերը, պատերազմի շրջանին, անգլիական ձայնասփիւռի կայանը կը գործածէր գրաւուած Եւրոպայի երկիրներուն համար կարճ ալիքով կատարած իր հեռարձակումներու ընթացքին, իբրեւ ճանաչման նշան։ Հակառակ Կիրակի ըլլալուն՝ հարիւրաւոր դրօշակներ կէս պարզուեցան՝ իբրեւ սուգի նշան։ Չըրչիլի տան առջեւ հսկող ոստիկանը, որ մեծ քաղաքագէտի ամբողջ հիւանդութեան տեւողութեան օրական 18 ժամ պահակ կը կենար՝ գլխահակ կանգնած էր դրան առջեւ։ Էլիզապէթ թագուհիին կողմէ յայտնուած փափաքին համաձայն, սըր Ուինսթըն Չըրչիլի պիտի ընծայուին բացառիկ պատիւներ, այսինքն, պիտի կատարուի ազգային յուղարկաւորութիւն։ Յուղարկաւորութիւն տեղի պիտի ունենայ Յունուար 30-ին, Սէնթ Փոլ մայր եկեղեցիին մէջ, նախագահութեամբ Անգլիական եկեղեցիի պետ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին։ Չորեքշաբթի օրուընէ, սըր Ուինսթընի մարմինը պիտի զետեղուի Ուեսթմինիսթըր Հոլի մէջ, որպէսզի ժողովուրդը երթայ եւ իր վերջին յարգանքը մատուցանէ մեծանուն անգլիացիին՝ «Յաղթանակի հայր»ին։ Սըր Ուինսթընի մարմինը պիտի թաղուի իր ծնողքին գերեզմաններուն քով՝ Պլէյթընի փոքր գերեզմանատան մէջ։ Չըրչիլի դագաղը պիտի կրեն չորս նախկին վարչապետներ Հիում, Մաք Միլան, Իտըն, Աթլի եւ ներկայ վարչապետը՝ պրն. Ուիլսըն ինչպէս նաեւ Չըրչիլի միակ մանչ զաւակը՝ Ռանտոլֆ Չըրչիլ։