-Լոնտոնի Քոմընուէլթ Ինսթիթիւթի սրահին մէջ, Հայ Երիտասարդաց Միութեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար պրն. Երջանիկ Մխիրեանի յաջող երգահանդէս մը տուած է վերջերս։ Յատկապէս յաջող եղած է Կոմիտասեան երգերը, ինչպէս նաեւ՝ Կանաչեանի «Նանոր»ը եւ Մեսումենցի «Երկու Աշունները» դաշնակի ընկերակցութեամբ օր. Թ. Գրիգորեանի։
-«Հայֆիլմ»ի արուեստանոցը պատրաստած է ժապաւէն մը, որուն նիւթը առնուած է Լեւոն Բաշալեանի «Դրժուած երդումը» գործէն, ուր կը նկարագրուի լեռներու մէջ կորսուած հայկական գիւղի մը կեանքը, ցոյց կը տրուին կրօնական հաւատալիքնրեւն ուժը եւ գիւղին քահանային մահուան ակամայ պատճառ դարձած հե- րոսին խղճի խայթը։
-Հայ ընթերցողները պիտի կարենան իրենց մայրենի լեզուով կարդալ Շէյքսփիրի երկու գործերը, որոնք ցարդ հայերէնի չէին թարգմանուած։ Այս երկու թատերգութիւններն են «Կորիլան» եւ «Ձմեռնային պատմութիւնը»՝ թարգամանութեամբ Խաչիկ Դաշտենցի։ Գիրքին յառաջաբանին մէջ, եւրոպական գրականութեան մասնագէտ Յովհ. Մամիկոնեան կը շեշտէ, թէ ոչ մէկ դասական հեղինակ այնքան մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, որքան Շէյքսփիրը։ Դեռ անցեալ դարու քսանական թուականներէն սկսեալ հայերէնի թարգմանուած են Շէյքսփիրի ողբերգութիւնները։ Բանաստեղծ Խաչիկ Դաշտենց որ Շէյքսփիրէն 13 գործեր թարգմանած է արդէն, ուրիշներ ալ կը թարգմանէ։ Հայաստանի մէջ արդէն հրատարակուած են Շէյքսփիրի 27 թատերական գործերը, անոր 154 հնչեակները եւ երկու քերթուածները։ Անգլիացի թատերագիրին գործերուն թարգմանութեան մէջ, Ռուսիայէն ետք, Հայաստան երկրորդ տեղը կը գրաւէ Խորհ. Միութեան մէջ։
-Հոլանտա արտաքսեց 57 թուրք բանուորներ, որոնք Անգարայի իշխանութեանց մօտ թուրք դեսպանի կատարած դիմումին շնորհիւ կրցան վերադառնալ իրենց հայրենիքը։