Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

-Պուէնոս Այրէսի մէջ հրատարակուող «Ի Նոթիոս Ամերիքի» (Հարաւային Ամերիկան) յունական թերթը իր Դեկտեմբեր 10ի թիւին մէջ յունահայ  երգչուհի տիկին Ծաղիկ (Ֆլորա) Գազանճեանի երկրորդ երգահանդէսին մասին «Հրաշալի երգահանդէս մը» խորագրով կը գրէ. «Երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեանի երգահանդէսը մեծ թիւով եւ ընտիր հասարակութիւն մը համախմբեց եւ բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց։ Այլապէս շատ իրաւամբ, որովհետեւ, այս սքանչելի արուեստագիտուհին իր վրայ կը կեդրոնացնէ բազմաթիւ շնորհներ, առաքինութիւններ եւ ձիրքեր։ Իսկական Աթենուհի  մըն է, շատ գեղեցիկ, բարձրահասակ եւ քաջամարմին, շատ իշխանական արտաքինով։ Քաղցրախօս, ազնիւ եւ բարեսիրտ, առաջին իսկ վայրկեանէն կը գերէ իր խօսակցութեամբ եւ շատ աւելի՝ իր երգով։ Լսեցինք Աթենացի Լիլի Փոնս մը, սակայն, աւելի մեծ զանգուածով մը ձայնի որ ամէնէն բարձր ձայնանիշերուն վրայ իսկ անհանգիստ չըրաւ ականջները։ Առաձգական թաւշային ձայն մը, լեցուն արտայայտչութեամբ, զգացումով եւ նուրբ, շատ վճիտ երանգներով մարելու մօտ ու փիանիսիմոներու ատեն, ձայն մը, զոր բարձրագոյն դասի աթենացի այս երգչուհին կը գործածէ բացարձակ գերիշխանութեամբ եւ բոլոր ելեւէջներու ժամանակ ապշեցուցիչ դիւրութեամբ։ Իր երգած հելլենական եւրոպական եւ արեւելեան դժուարին հատուածներով փաստեց ոչ միայն իր ձայնին հարստութիւնն ու որակը, այլ  նաեւ՝ իր արուեստագիտական լայն պատրաստութիւնը։ Ատոր համար բուռն կերպով ծափահարուեցաւ եւ բազմիցս կրկնութեանց արժանացաւ։ Սակայն, ինչ որ ամէնէն աւելի խանդավառեց՝ Մանոնի զղջումն էր, «Սիրածս կþամուսնանայ»ն, որ մի-այն այս սքանչելի երգչուհիին ձայնական ձիրքերով իրական Աթենուհի մը կրնայ մեկնաբանել եւ տալ այսքան կատարեալ կերպով։ Զինք կը  շը- նորհաւորենք եւ իրեն կը մաղթենք՝ որ շուտով գրաւէ միջազգային բեմն ալ, որուն արժանի է»։