Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ֆրանսայի «Նիս Մաթեն» օրաթերթին մէջ կը կարդանք հետեւեալ գրութիւնը, Տրակինեան բնակող 94-ամեայ հայուհիի մը՝ տիկին Մալոյեանի մասին: Այս հայուհիին հերոս ամուսինը, որուն մասին յիշատակութիւն կայ ներկայ գրութեան մէջ, զօրավար Հրանդ Մալոյեանի հօր՝ մշեցի Յովհաննէս Մալոյեանին զարմիկն է: «Տիկին Մալոյեան, որ ինը զաւակներ է ունեցած, 27 տարեկան էր, երբ 1896-ին թուրք եւ քիւրտ հորդաները կը խուժեն Վան եւ շրջակաները (Մուշ)՝ ջարդելով քսան հազար հոգի: Երիտասարդ կինը երկար շաբաթներ կ՛ապրի չարչարալից կեանք մը, պատերազմի ահաւոր մթնոլորտի մէջ, հակառակ անհաւասար կռուի ընթացքին հայերու ի յայտ բերած հերոսական դիմադրութեան: Իր ամուսինը՝ պրն. Մալոյեան եւս կը գտնուէր հերոսներու շարքերուն մէջ, որոնք կը կռուէին իրենց ազատութեան համար: «Մէկ քանի տարուան անդորրութեան շրջանէ մը ետք կը հասնի 1915-ի շրջանը, տեղի կ՛ունենան նոր թալաններ եւ ջարդեր, որոնց ընթացքին տիկ. Մալոյեան ի գործ կը դնէ աներեւակայելի ճիգեր՝ ազատելու համար իր զաւակները ստոյգ մահէ մը: «Յետոյ կը սկսի արտագաղթը եւ բազմաթիւ վերիվայրումներէ ետք Մալոյեան ընտանիքը անցնելով Միջին Արեւելքէն՝ կը հասնի Ֆրանսա, 1923-ին: «Ներկայիս ծերունազարդ տիկ. Մալոյեան կ՛ապրի Տրակինեան իր անդրանիկ զաւկին՝ Եղիա Մալոյեանին հետ, արժանանալով անհուն գուրգուրանքի մը: «Եթէ իննսունչորս տարիները բան մը պակսեցուցած են տիկ. Մալոյեանի աշխուժութենէն, սակայն չեն կրցած ոչինչ խլել անոր յիշատակներէն եւ… ախորժակէն: Իր երկարակեցութեան պատճառը թերեւս թանապուրը եւ շաքարախառն ըմպելիներն են, զորս տիկ. Մալոյեան միշտ կ՛ուտէ եւ կը խմէ: Իր երկարամեայ կեանքի ընթացքին երբեք չէ հիւանդացած… «Տրակինեանի մէջ ներկայիս ծերունազարդ հայուհին կ՛անցընէ խաղաղ օրեր, որոնք կը մեղմացնեն իր երիտասարդութեան ցաւագին յիշատակներուն մորմոքը: Իրեն կը մաղթենք տակաւին երկար տարիներու խաղաղ ու անդորր կեանք մը»: