Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի ուսումնական տարին, այս տարի եւս սկսաւ բնականոն պայմաններու մէջ: Հոկտեմբեր 2-ին ճեմարանի դռները բացուեցան, նորեկներու  արձանագրութիւններէն, քննութիւններէն եւ վերաքննութիւններէն ետք:

Անցեալի համեմատութեամբ, ճեմարանի աշակերտութեան թիւը այս տարի գերազանց է: Անցեալ տարի պարապմունքները սկսան 490 աշակերտներով. այս տարի 507 հոգիով, առանց հաշուելու 25 ազատ ունկնդիրները, որոնց մէջ կարեւոր թիւ մը կը կազմեն Ամերիկայէն եկած աղջիկներն ու տղաքը: Այս 507 թիւէն՝ մանկապարտէզ, 130- նախակրթարան՝ 157- ճեմարանական բաժին՝ 220: Գիշերօթիկներու թիւը այս տարի գրեթէ հաւասար է անցեալ տարուան. անցեալ տարի ճեմարանը ունէր 33 գիշերօթիկներ. այս տարի՝ նոյնպէս 38, որոնց 21-ը տղայ իսկ 17-ը աղջիկ: Ճեմարանը գիշերօթիկներ ունի Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Յունաստանէն եւ Հիւս. Ամերիկայէն: Ճեմարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ընդհանուր թիւն է 34, որոնցմէ երեքը կուտայ Լիբանանի կառավարութիւնը, արաբերէն լեզուի համար, մէկը Լիբանանի Ֆրանսական Առաքելութիւնը, եւ մէկը հոգ. Գարեգին վրդ. Սարգիսեանը՝ Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութիւնը: Տնօրէնութիւնը կը մնայ  նոյնը՝ Ս. Վրացեան, Գ. Բանեան եւ Մ. Իշխան: Մանկապարտէզը ունի 130 աշակերտ եւ ունի իր օրկանը տարեկան մէկ թիւ՝ «Փեթակ» անունով: Զուտ ճեմարանին բաժինը -7 տարի- բաղկացած է երկու մասէ. Միջին կարգեր եւ վերջին երեք դասարանները, որոնք կը կոչուին Լսարաններ եւ ունին Լսարանական միութիւն: Միջին կարգերն ալ ունին իրենց օրկանը՝ «Կանթեղ», տարեկան մէկ թիւ: Լսարանական միութիւնը կը ծառայէ ընդհանուր զարգացման. բաժնուած է խմբակներու՝ Գրական, Գիտական, Թատերական, Երաժշտական եւ այլն՝ իւրաքանչիւրը  առանձին ուսուցիչով: Լսարանական միութիւնը կը հրատարակէ իր պարբերականը «Ջահակիր»ը, տարեկան երեք թիւ: