Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երջանկայիշատակ Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի վախճանման 25-րդ տարելիցն է: Մեծ եղեռնի յիսնամեակին զուգադիպող այս տարեդարձին ոգեկոչումը արդար է եւ յուզիչ:

Հայաստանեայց եկեղեցին տուած է հոյլ մը խոնարհ թէ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, որոնք մեր ժողովուրդին ազատագրական պայքարներուն մասնակցած են, կամ՝ քաջալերած, նաեւ բաժնած՝ իրենց ժողովուրդին խաչելութիւնը՝ ցմրուր քամելով ցաւի բաժակը, անասնական թուրքին պարտադրած տառապանքները, նահատակութիւնը: Խրիմեան Հայրիկի, Ստեփանոս արք. Յովակիմեանի, Գարեգին կաթողիկոսի տիպարով հայրենասէր ու համակ ժողովրդանուէր հոգեւորական մըն էր Սահակ կաթողիկոս, որ, ինչպէս կը պատմեն, 1909-ի Կիլիկիոյ հայոց արհաւիրքը տեսնելէ ետք, պահ մը նոյնիսկ վարանած էր իր հաւատքին մէջ… Սակայն հետագային, 1915-ի Մեծ եղեռնին, անվարան հետեւեցաւ իր ժողովուրդի խաչի ճամբուն, ակամայ առաջնորդ դարձաւ դէպի Գողգոթա երթին. իր ներկայութիւնը հոգեւին կը սփոփէր մարդակերպ գայլերէ հալածուած իր հօտը: Հոգելոյս Սահակ կաթողիկոս Աւետարանի քաջ հովիւն էր, որ իր անձը ընծայեց հօտին պաշտպանութեան եւ մխիթարութեան համար: Իր օրինակը բարձրօրէն քրիստոնէական էր եւ խորապէս պատշաճ՝ հայ հոգեւորականին: Տարագրութեան ողբերգութենէն վերապրած բախտաւոր բացառութիւններէն եղաւ նաեւ հոգելոյս կաթողիկոսը, որ զինադադարէն ետք, այս անգամ խորհրդանիշը դարձաւ հայու անընկճելի շինարար ոգիին եւ Անթիլիասի մէջ ամրացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ դարձնելով զայն հոգեւոր յուսատու կեդրոն մը, որ հետզհետէ պիտի զարգանար ու հասնէր գեղեցիկ բարձունքներու: Մեր ժողովուրդի եղերական օրերուն ականատես՝ Ամենայն հայոց Գէորգ Զ. կաթողիկոս հետագային կամովին առած էր Վշտակիր ածականը: Խապայեան կաթողիկոս կը ստորագրէր «Կաթողիկոս Աւերակաց»: Երկու հոգեւոր պետերը այս ձեւով կը յայտարարէին իրենց խոր վշտակցութիւնը հայ ժողովուրդի ողբերգութեան ու միաժամանակ սուգի եւ բողոքի շեշտ մը կ՛ընծայէին իրենց բարձր դիրքերուն: