Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունահայոց թեմական ընտրութեանց հետեւանքով Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը այս տարի կարելի չեղաւ որոշեալ թուականին կատարել։

Բայց եւ այնպէս՝ 15 օրուան յետաձգումը, պատճառ չեղաւ որ տօնակատարութիւնը իր շքեղութենէն բան մը կորսնցնէ։ Եւ կարելի է անվարան յայտարարել՝ թէ ժողովուրդը հաւատքով եւ անհամբերութեամբ կը սպասէր։ Հինգշաբթի Դեկտեմբեր 24-ին տեղի ունեցաւ մատաղցու ոչխարներու զենումը։ Նոյն օրը, երեկոյեան կատարուեցաւ նախատօնակ։ Յատուկ պատարագ մատոյց Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան։ Տէր հայրը այս առթիւ խօսեցաւ Սուրբի կեանքի մասին։ Դեկտ. 26-ին Շաբաթ, Ստեփանոսի տօնին օրը, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը։ Պատարագիչն էր յունահայոց բար. առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեան, որուն կը սպասարկէին Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի քահանայ հայրերը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ տիկին Ալիս Ֆարաճեանի։ Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուած էր հաւատացեալ բազմութեամբ։ Ներկայ էին՝ Ազգ. Իշխանութեան անդամները, շրջաններէն եկած հարիւրաւոր ազգայիններ եւ գայլիկներու խումբը։ Սրբազան հայրը իմաստալից քարոզով մը վեր առաւ հայ ժողովուրդի սէրն ու հաւատքը դէպի Հայ առաքելական սրբ. եկեղեցին։ Հուսկ՝ Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնները տուաւ համայն յունահայութեան, մաղթելով որ ձեռք-ձեռքի տուած ամէն ոք աշխատի միասնականութեան համար, կանգուն պահելու համար մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները, որոնք մեր գոյատեւման եւ ազգապահպանման զօրաւոր ազդակները կը հանդիսանան։ Աւելի քան 1200 մատաղի ծրարիկներ բաժնուեցան հաւատացեալ ներկաներուն։ Նոյնպէս 50 ծրարիկներ եւ ձաւարով պատրաստուած փիլաւ տրամադրուեցաւ Գոքինիոյ հայկական ծերանոցի բնակիչներուն։