Անցեալ օր հաճելի անակնկալն ունեցանք մեր սեղանին վրայ գտնելու նոր պարբերաթերթ մը՝ «Մշակ», որ կը ներկայանար իբրեւ պաշտօնաթերթը Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան:
Տարի մը առաջ նոյն ուրախութեամբ ողջունած էինք Ուսուցչական միութեան կազմութիւնը, որ շուտով պիտի ունենար իր ակումբը, կեդրոնը՝ կրթական մեր կեանքի նուիրեալներուն, որոնք այս անգամ կը ներկայանան իրենց խօսնակով, բեմով՝ ըսելու համար իրենց խօսքը, որուն անպայմանօրէն արժանի կարեւորութիւնը պիտի ընծայուի թէ՛ պատասխանատու մարմիններու եւ թէ՛ հասարակութեան կողմէ: «Մշակ»ի շուրջ հաւաքուած են փորձառու եւ երիտասարդ ուսուցիչներ, որոնք «գիտակից փառասիրութիւնը» ունին իրենց կոչումին. կը հաւատան, թէ նիւթական բարօրութեան զուգահեռ, «եթէ չբարձրանան հայ ուսուցչին մտային եւ հոգեկան հորիզոնը, բարոյական կորովը, ապա ուրեմն ընդունայն են բազում աշխատութիւնք մեր»: Այս եւ նման առաջադրանքներով «Մշակ» կը յանձնուի մեր ուշադրութեան՝ հայ ուսուցիչին հանրային ու կրթական մտածումները լայն հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնելու մտահոգութեամբ: Մինչեւ հիմա հայ ուսուցիչին մասին արտայայտուած են բոլորը՝ մամուլով եւ հրապարակով, բացի բուն ենթակայէն, որուն ձայնը անլսելի մնացած է՝ ընդհանուր մտահոգութիւններու ոլորապտոյտին մէջ կորսուելով: Մինչդեռ շատ բան պիտի շահէր կրթական մեր կեանքը, եթէ յաճախ լսուէին բուն ենթակաները, անոնք, որոնց յանձնած ենք ոչ միայն մեր զաւակներուն կրթութիւնը, այլ նաեւ, աւելի՛ կարեւոր, ամբողջ սերունդի մը ազգային դաստիարակութեան նուիրական պարտականութիւնը: Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութիւնը արհեստակցական միութիւն մը չէ՝ բառին հասարակ առումով, այլ հաւաքականութիւն մը՝ նուիրեալներու, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց կոչումին աւելի լաւ կրնան ծառայել, եթէ քով քովի գան, իրարու մտածումներուն եւ գաղափարներուն հաղորդակից դառնան, հաղորդակից դարձնեն կրթական կեանքի պատասխանատու մարմինները եւ ստեղծեն ծրագրեալ եւ կազմակերպուած աշխատանքի այն մթնոլորտը, որ դժբախտաբար կը պակսի գրեթէ բոլոր մարզերու մէջ:
Մաս մր «Ազդակ»ի խմբագրականէն