Փրոֆ. Կ. Ղաֆսդարեան Երեւանի միջնադարեան յուշարձաններու մասին տուած է խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը, որուն հիմնական կէտերը կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Երեւանի միջնադարեան յուշարձաններուն մէջ ամէնէն հինը Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին է, որ ներկայիս կը գտնուի «Մոսկուա» շարժանըկարի սրահին տեղը։ Հինգերորդ դարուն շինուած այդ եկեղեցին վերաշինութիւններու ժամանակ բազմաթիւ փոփոխութիւններ կրած է։ Եկեղեցիին պատերը զարդարուած էին որմնանկարներով եւ արձանագրութիւններով, որոնց մէկ մասը ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարանին մէջ։ Երկրորդը՝ Աւանի տաճարն է, կառուցուած 6-րդ դարուն, որմէ այժմ կը մնայ միայն պատերուն մէկ մասը։ Տաճարի պատերուն վրայ գտնուած են հայկական ծածկագիրներ։ 13-րդ դարու հոյակապ շինութիւն մըն է կաթողիկէն, որմէ յիշատակ մնացած է միայն մատուռը (գիտութիւններու ակադեմիայի լեզուի հիմնարկութեան բակին մէջ)։ Տեղւոյն վրայ գտնուած է վիմագիր արձանագրութիւն մը՝ 1264-ին Անեցի հարուստ Սահմադինի կողմէ Երեւանի գնման մասին, որ քաղաքը գնելէ ետք սահմանած է իր օրէնքները։ Երեւանի հին յուշարձաններէն մէկն է Կողեռնի մատուռը։
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչում շնորհած է փրոֆ. Երուանդ Տէր Մինասեանի եւ տոքթ. Սրբուհի Լիսիցեանի, գիտական եւ մանկավարժական ասպարէզներու մէջ իրենց կատարած խիստ գնահատելի գործին համար։ Փրոֆէսօրը վարիչն է լեզուի հիմնարկութեան բառաբանագրական ճիւղին, իսկ տոքթորը հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ճիւղին մէջ կը վարէ բարձր պաշտօն մը։ Արուեստագէտ Գ. Երիցեան ստացած է արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչում։