Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւանի մէջ յուշ-երեկոյ մը տեղի ունեցած է  ծանօթ հայասէր, հետախոյզ եւ գիտնական Ֆ. Նանսէնի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ: Նախագահած է Նայիրի Զարեան: Հայասէր Նորվեկիացիի կեանքին ու գործին մասին խօսած է աշխարհագրական գիտութիւններու թեկնածու Կամսար Աւետիսեան: Յուշ-երեկոն վերջ գտած է շարժանկարի ներկայացումով:

- Լոյս տեսած է Վահան Տէրեանի «Երկերի Ժողովածու»ին երկրորդ հատորը, կազմուած եւ ծանօթագրուած Վ. Պարտիզունիի կողմէ: Այս հատորը կը պարունակէ «Անտիպ էջեր», «Տրիոլէտներ», «Տրիոլէտներ Նուարդին», «Իմ Բալիկին», «Սեւագրութիւններ», «Յօդուածներ եւ զեկուցումներ» բաժինները: Գիրքը կը բաղկանայ 508 էջերէ: Տպաքանակն է քսան հազար:

- Երեւանի Պատմական թանգարանին մէջ կան մեծ թիւով ազգագրական նիւթեր, որոնք կը ներկայացնեն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի զանազան գաւառներու ժողովուրդին նիստ ու կացը՝ 17-էն 20-րդ դարերու ընթացքին, աշխատանքի գործիքներ, առտնին իրեր, տարազներ: Այս վերջիններուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն զարդանախշուած գործուածքները եւ ասեղնագործութեան բազմատեսակ նմուշներ: Հայկական բանուածքները եւ կտորները մեծ մասամբ կը կրեն բուսական եւ երկրաչափական զարդանախշեր, որոնք մէկ կողմէ ցոյց կուտան Հայաստանի հարուստ բուսականութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ ժողովուրդին ամէնէն կարեւոր զբաղումներէն մէկը՝ այգեգործութիւնը: Առանձնապէս շատ տարածուած նախշեր են խաչաձեւ, աստղանման՝ 6, 8 եւ 9 թեւով վարդակները, Տ տառաձեւը, խաղողի ողկոյզները եւ նուռի հատիկնրեը, որոնք մեծ մասամբ օգտագործուած են նաեւ հայկական մանրանկարչութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ: