Պելճիքայի Պոտուէն թագաւորը եւ Ֆապիոլա թագուհին, Նոյեմբեր 20-ին, Պարսկաստանի Շահին եւ Ֆարահ թագուհիին ընկերակցութեամբ ժամանած են Սպահան քաղաքը։
Սպահանի հնագիտական եւ պատմական կոթողներու այցելութեան ծրագրին մէջ, նկատի առնուած է նաեւ Նոր Ջուղայի Հայոց Սուրբ Ամենափրկչեան վանքը, ուր թեմական խորհուրդի կողմէ պատրաստուած է արժանավայել ընդունելութիւն։ Պելճիքայի թագաւորն ու թագուհին, իրենց բազմաթիւ հետեւորդներով հասած են վանք։ Պողոտային երկու կողմերը տեղ գրաւած են ազգային դպրոցներու աշակերտ-աշակերտուհիներ, իսկ վանքէն ներս ու մուտքին պատրաստուած են գեղեցիկ կամարներ եւ մինչեւ վանքի գաւիթը ծածկուած է ծաղիկներով, կանաչներով, դրօշակներով եւ գունաւոր լոյսերով։ Վանքի մուտքին, կամարներուն երկու կողմը, ազգային տարազներով տեղ գրաւած են ազգային վարժարաններու բոլոր աշակերտները՝ ծաղկեփունջերով, իսկ մնացեալ մասին Նոր Ջուղայի կրօնական դասը, ազգային մարմիններու անդամները եւ այլ ազգայիններ իրենց տիկիններով։ Հիւրերու մուտքի ժամանակ՝ եկեղեցիին զանգերը սկսած են ղօղանջել, իսկ երբ նախագաւիթը անցած եւ հասած են կամարներուն, թեմական խորհուդի եւ Նոր Ջուղայի հայութեան անունով բարի գալուստի խօսք ըրած է թեմակալ առաջնորդ գերշ. Ներսէս Ծ. վրդ. Բախտիկեան։ Ապա՝ շքերթը առաջնորդուած է եկեղեցի։ Աշակերտուհիները այդ միջոցին ծաղիկներ սփռած են թագաւորի եւ թագուհիի ոտքերուն տակ, ծափաահարութեան բուռն տարափով։ Այցելուները նախ դիտած են տաճարը, ապա տապանաքարերու նկարներու հաւաքածոն եւ վերջը թանգարանը։ Թեմակալ առաջնորդը բացատրութիւններ տուած է թագաւորին ու թագուհիին։ Հիւրերը հետաքրքրութեամբ դիտած են տաճարն ու թանգարանը, գրչագրերու նկարազարդումները եւ ստորագրած են թանգարանի արքաներու յատուկ յուշամատեանը։ Թանգարանէն դուրս գալու ժամանակ, թեմակալ առաջնորդի միջոցով թագուհիին նուիրուած է տաճարի եւ թանգարանի նկարներու մէջ գեղեցիկ ալպոմը։