Հայաստանի դիւանատան մէջ հաւաքուած եւ դասաւորուած են ցարական Ռուսաստանի մարմիններուն, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, բարեսիրական եւ կրօնական գործունէութեան վերաբերեալ վաւերաթուղթերը՝ 1649-էն մինչեւ 1920։ Այսուհանդերձ, հիմնական մասը կþընդգրկէ 1828-1920 տարիները։ Այս դիւանատան կարեւոր բաժիններն են. «Հայկական մարզային վարչութիւնը», «Կովկասեան փոխարքայի գրասենեակ», «Երեւանի նահանգային գիւղացիական գործիչներու ատեան», «Երեւանի նահանգի եւ Կարսի մարզի հողագործութեան եւ պետական գոյքերի վարչութիւն», «Երեւանի արքունական պալատ», «Երեւանի նահանգային վիճակագրական կոմիտէ» եւ ուրիշ բաժիններ, ուր կան հարուստ նիւթեր։ Այսպէս, օրինակ, «Հայկական մարզային վարչութիւն» բաժինը կը պատկերացնէ Ռուսերու կողմէ Հայաստանի գրաւումէն ետք երկրին մէջ հաստատուած իշխանութեան ձեւը, Ռուսիոյ հարկային քաղաքականութիւնը, գաղթականներ տեղաւորելու աշխատանքը եւայլն։ «Կովկասեան փոխարքայի գրասենեակ» բաժինը կը պարունակէ տուեալներ Անդրկովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն, պետական¬վարչական գործերուն, բնակչութեան ընկերային¬տնտեսական դրութեան, գիւղատնտեսութեան վիճակին եւ այլնի մասին։ «Երեւանի նահանգապետի գրասենեակ» բաժնին մէջ նիւթեր կան յեղափոխական շարժումներու, անոնց ղեկավարներու հանդէպ ցարական իշխանութեան ձեռք առած միջոցներուն, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան, Հայաստանի տնտեսական կացութեան մասին։ Տեղեկութիւններ կան նաեւ 1877-1878ի ռուս¬թրքական պատերազմի ժամանակ Երեւանի նահանգին մէջ կազմուած կամաւորական խումբերու վերաբերեալ եւայլն։ Հայկական մշակութային հիմնարկութիւններու, անոնց գործունէութեան, կրթութեան վիճակի մասին պատկերացում կուտան կարգ մը բաժիններու վաւերագիրներ։ Պետական դիւանատան մէջ կը գտնուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական պաշտօնաթերթերը եւ վաւերագիրները։