Գոմոթինիի Ազգային իշխանութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Ս. Յակոբայ Մծբնայ հայրապետի տօնին առթիւ, մատաղի համար կազմեց կիներէ եւ այրերէ բաղկացած յանձնախումբեր, որոնք մատաղագին հանգանակեցին շուկայէն եւ հայոց տուներէն։
Այս տարի, թեմական ընտրութեանց պատճառով, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Շաբաթ օր միայն։ Պատարագեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեան, իրեն օգնական ունենալով Քսանթիէն յատկապէս հրաւիրուած պրն. Դ. Պետրոսեանը, Գոմոթինիէն՝ պրն. Վ. Չաթալեանը եւ Աղեքսանդրուպոլսէն՝ պրն. Պ. Պիւլպիւլեանը։ Դպրաց դասի երգչախումբը վարեց Տէր հօր որդին պրն. Յակոբ Գալայճեան, որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր օրինակելի զոհաբերութեամբ կը կատարէ այս պարտականութիւնը։ Եկեղեցին ամբողջութեամբ լեցուած էր հաւատացեալ հայերով եւ հելլէններով։ Ներկայ էին նաեւ Քսանթիէն, Աղեքսանդրուպոլիսէն, Տիտիմոթիխոյէն եւ Օրեսթիատայէն հայ ուխտաւորներ ու պոլսահայ ընտանիք մը։ Առաւօտեան եւ Ս. պատարագի արարողութիւնները երգուեցան սարկաւագներու եւ դպիր¬դպրուհիներու կողմէ, որոնք արժանի են ամէն գնահատանքի։ Տէր Շահէ խօսեցաւ օրուան պատշաճ քարոզ մը, Ս. Յակոբայ Մծբնայ հայրապետի կեանքը ներկայացնելով ու բացատրելով, թէ անոր տօնախմբութեան առթիւ ինչո՞ւ Գոմոթինիի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ մատաղօրհնութիւն կը կատարուի։ Ս. պատարագէն ետք, կատարուեցաւ հոգեհանգիստ՝ մատաղցու ոչխար նուիրած ազգայնոց հանգուցելոց հոգիներուն եւ տեղւոյն Ս. եկեղեցին կառուցած եւ անոր նուիրատուութիւնները ըրած հանգուցեալ ազգայիններու հոգիներուն եւ յիշատակին համար։ Հուսկ, հաւատացեալները մատաղի ծրարիկներ ստանալով՝ հաղորդուած օրուան տօնի սրբութիւններով եւ օրհնութիւններով՝ մեկնեցան իրենց բնակարանները, զօրացած Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի հաւատքով։