Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութեան Կեդր.Վարչութեան կազմակերպած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Զաւարեան» սրահին մէջ, ի ներկայութեան երկսեռ ազգայիններու, Երիտասարդացի անդամ-անդամուհիներու եւ շրջաններէն եկած համակիրներու: Նախագահ Յար. Մէքթուպճեան բացման խօսքով վեր առաւ նոր սերունդին արժանիքները եւ անոր վերապահուած կարեւոր դերը
հայ իրականութեան մէջ: Ապա շեշտեց թէ՝ Երիտասարդաց Միութիւնները հովանաւորելով եւ անոնց գործունէութեան վրայ հսկելով՝ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի օտար հորիզոններու տակ հասակ նետող մեր նոր սերունդը կապւած պահել ազգային հաւաքականութեան, եւ չթողուլ որ ան ենթարկուի ապականիչ միջավայրերու ազդեցութեան: Կÿուզէ անոր ազգային ոգի ներշնչել, մեր ազգային պատմութիւնը սորվեցնել եւ վերջապէս քանդակել անոր հոգիին ու սրտին մէջ մեր ազգային ու քաղաքական արդար իրաւունքները յամառօրէն հետապնդելու եւ զանոնք իրականացնելու իտէալը: Յաջորդաբար՝ յաջող արտասանութիւններ ըրին՝ ընկերներ Կարօ Մարկոսեան (Գոքինիայէն) եւ Յ. Ղեւոնդեան (Ֆիքսէն) արժանանալով խանդավառ ծափերու: Ապա, օրուան բանախօս տիկին Նուարդ Պէօրէկճեան խանդավառիչ ու շինիչ բանախօսութիւնը մը ըրաւ: Յետոյ՝ նախագահը յայտնեց որ, Կեդր. վարչութիւնը որոշած է վերջին 10 տարիներու ընթացքին մեզմէ անդարձ բաժնուած ծանօթ ընկերներու կեանքին եւ գործին նուիրուած դասախօսութեանց շարք մը կազմակերպել: Ներկաները խնդրեցին որ այդ դասախօսութիւնները, եթէ կարելի է, ըլլան հրապարակային, որպէսզի իրենք ալ օգտուին: Վերջաւորութեան, հանդիսականները հիւրասիրուեցան գինիով եւ ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած համեղ անուշեղէններով: