Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Աննախընթաց բազմութեան մը ներկայութեան,  եւ մեծ յաջողութեամբ՝ Դեկտեմբեր 6-ին, Բիրէայի «Տիմոթիքոն» թատրոնի սրահին մէջ, Համազգայինի Գոքինիոյ թատերասիրացին կողմէ ներկայացուեցաւ անզուգական Մալխասի «Զարթօնք»ը։

Թատերախաղի վերածած էր Թեսաղոնիկէի ընկերներէն Կարապետ Գալֆայեան։ Կարծես բնազդէ մղուած՝ Գոքինիոյ թատերասիրացը փութացած էր յարգանքի եւ մեծարանքի տուրքը տալու աննման Մալխասին, որուն վէպերն ու գրութիւնները անսպառ ներշնչումի աղբիւրներ են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն համար։ Ներկայացումի սկզբնաւորութեան, խոր լռութեան մէջ ընկ. Յարութիւն Մխիկեան նախ տուաւ ամփոփ կենսագրականը Հայ Ազատագրական Շարժումի գլխաւոր դերակատարներէն Մալխասի, որ իր «Զարթօնք»ի հսկայ հատորներով մեզի ձգեց հոյակապ պատմութիւնը Յեղափոխական մարտնչումներուն։ Ընկ. Մխիկեան ապա ներկայացուց «Զարթօնք»ի գլխաւոր երկու հերոսները։ Վարդան՝ սրբազան իտէալներով տոգորուած երիտասարդ ուսանող, կը լքէ հօրենական փարթամ եւ հարուստ կեանքը, հարկադրաբար կը բաժնուի իր մանկութեան շրջանէն մտերիմ եւ պատանութեան անհուն սիրով կապուած Սոնիայէն, կ'անտեսէ մահուան տեսիլքը ու կը նետուի հետզհետէ տարածուող Յեղափոխութեան մէջ։ Սոնիան՝ ազգութիւնը գրեթէ ուրացած հարուստ վաճառականի մը աղջիկը, որ մոռնալով իր անցեալի ճոխ կեանքը, կը նետուի պայքարի մէջ, հետեւելու իր սիրածի ճամբուն, տալու համար իր բաժինը շարժումին։ Վարդան մարմնացումն է մեր այն բազմաթիւ անմահ նահատակ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքը անցուցին շարունակական պայքարներով, ի վերջոյ տալով նաեւ իրենց արիւնը սրբազնագոյն գաղափարին համար։ Ներկայացումի ամբողջ տեւողութեան, ներկաները խորին երկիւղածութեամբ՝ հետեւեցան խաղարկութեան, որուն իւրաքանչիւր պատկերն ու արարը պատգամ մըն էր ուղղուած հայութեան եւ գերազանց օրինակ մը՝ նոր սերունդին։  (Շար.)