Հայ մշակոյթի կարեւոր օճախներէն է Երեւանի պետական գրադարանը։ Սկզբնական շրջանին գրադարանը իրագործած է պետական մատենագրութեան օրկանին՝ «Գրքի Տարեգիրք»ին հրատարակութիւնը։ Յետագային ընդլայնած է իր աշխատանքններուն ծաւալը եւ բնագաւառը։ Այսպէս, գրադարանը կը կազմէ եւ կը հրատարակէ Հայաստանի մամուլին վիճակագրութիւնը, կը ցուցագրէ եւ կը դասաւորէ զանազան գրադարաններու գիրքերը, լոյս կþընծայէ կարեւոր աշխատութիւններ, յօդուածներ, երաժշտական գրականութեան, կերպարուեստի եւ քննադատութեան վերաբերելա տարեգիրքեր, եւայլն։ Անցեալ տարի լոյս տեսած են ութ միլիոն տպաքանակով 1300 գիրք, 87 ամսագիր եւ 68 թերթ։ Նիւթերու եւ գիրքերու ընտրութիւնը դիւրացնելու համար, գրադարանը ինք կþուսումնասիրէ եւ կը մշակէ գիրքերուն նիւթերուն ամփոփումը՝ մատչելի դարձնելով ընթերցող հասարակութեան։ Մատենագիտական աշխատանքը կարեւոր տեղ կը գրաւէ գրադարանի գործունէութեան մէջ։ Արդարեւ, տարեգիրքերը, որոնք լոյս կը տեսնեն այս հաստատութեան կողմէ, առատ նիւթ կը պարունակեն մասնագէտներուն եւ հասարակ ընթերցողներուն համար, քանի որ այդ հատորներուն մէջ, առնաց բացառութեան, մատնանշուած են Հայաստանի մէջ տարուան ընթացքին լոյս տեսած բոլոր գիրքերն ու գրքոյկները։ Այս հատորները կը կրեն «Գիրքի Տարեգիր» անունը եւ, լոյս կը տեսնեն 1925-էն ի վեր։ 1963¬էն սկսեալ տարեգիրքին կողքին կը հրատարակուին նաեւ լրացուցիչ պրակներ «տարին երկու անգամ»։ «Գրքի Տարեգիր»ին մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ լոյս տեսած եղարժշտական գործերը եւ կերպարուեստի նիւթերը՝ երգահաններու եւ նկարիչներու անուններով։ «Ժուռնալային յօդուածների տարեգիր»ը, որ կը հրատարակուի 1937-էն ի վեր լոյս կը տեսնէ տարին չորս անգամ։ «Լրագրային յօդուածների տարեգիր»ը լոյս կը տեսնէ 1949էն ի վեր, տարին 12 թիւ։ Ընթացիկ աշխատանքներէ զատ, գրադարանը լոյս կþընծայէ նաեւ արժէքաւոր աշխատութիւններ։