Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Սինեմա «Ռիվոլի»ի բեմը երգի, պարի ու երանգի կախարդանքով առինքնեց խուռներամ բազմութիւնը, որ գացած էր ներկայ գտնուելու Հայաստանի երգի-պարի անսամպլի առաջին ելոյթին:

Արուեստագէտ Թաթուլ Ալթունեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, հռչակաւոր անսամպլը, հին ու նոր ուժերով տուաւ վկայութիւնը իր համբաւին՝ հայկական երգի ու պարի գեղեցկութիւնը փոխանցելով հասարակութեան: Բոլոր պարերն ու խմբերգները բծախնդրօրէն ուսումնասիրուած էին ու տրուեցան արուեստով: Մասնաւորաբար գնահատուեցան անմրցելին Լուսիկ Քոշեան («Մեքենան եկաւ» եւ «Թէք տանէին տանէին»), Վարդուհի Խաչատուրեան («Կռունկ»), Աստղիկ Քամալեան («Հարսի գանգատը» եւ «Խանդոտ կինը»), Վաղարշակ Մամիկոնեան («Սիւնեաց սարեր») ու յատկապէս՝ Հենրիկ Ալլահվերտեան («Հոր-հոր աղայի երգը»): Պարերու բաժնին մէջ նկատելի էր թարմագեղ երիտասարդութեան տիրապետութիւնը: Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պարը» խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին:
Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին բոլոր անոնք, որոնք Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքի Սան Ֆեռնանտօ հովիտին մէջ բացուած ամերիկահայ առաջին բարձրագոյն վարժարանին ի նպաստ խոստըմնաքարտեր ստորագրել տալու աշխատանք էին տարած: Հրաչ Տասնապետեան, յանուն Պէյրութի օժանդակ յանձնախումբին, զեկուցում տուաւ՝ յայտնելով, որ՝ «Արդէն իսկ մեր երազը իրականութիւն դարձած է: Լոս Անճելըսի Սան Ֆեռնանտօ հովիտի շրջանին մէջ Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի տնօրէնութեամբ, երկու դասարաններով, կեանքի կոչուած է ամերիկահայ առաջին բարձրագոյն վարժարանը: Նոյնպէս ուրախալի պարագայ մըն է նոյն քաղաքի հայաշատ մէկ թաղամասին մէջ սկսուած աշխատանքը Մեսրոպեան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի շինութեան: Սոյն երկու կրթական հաստատութիւնները կոչուած են իրարու լրացուցիչները ըլլալու»: