Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչի վարչութիւնը, մէկ քանի տարիէ ի վեր, իրեն համար նուիրական պարտականութիւն նկատած է տարին մէկ-երկու անգամ այցելել Իլիուփոլիսի ծերանոցին մէջ հաստատուած մեր տարեց ազգակիցներուն, անոնց կեանքով հետաքրքրուելու եւ զանոնց քիչ մը ուրախացնելու ազնիւ դիտաւորութեամբ։

Ֆիքսի Հայ Կապոյտ Խաչի վարչութիւնը, այս պարտականութիւնը այս տարի կատարեց Նոյեմբեր 16-ին։ Վարչութեան անդամուհիները, իրենց հետ առնելով իրենց յատկապէս պատրաստած անուշեղէնները եւ Յակոբեան վարժարանի փոքրիկներէն խումբ մը, Ֆիքսի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Գեղարդ քահանայի ընկերակցութեամբ, Յակոբեան վարժարանի ինքնաշարժով ուղղուեցանք դէպի Իլիուփոլիսի ծերանոցը։ Հազիւ հասած՝ շրջապատուեցանք մեր սիրելի հայրենակիցներուն կողմէ, որոնք սկսան հետաքրքրուիլ մեզմով, ինչպէս նաեւ իրենց հին բարեկամներով եւ նախկին բնակավայրով, որոնց մասին հաղորդեցինք հարկ եղած տեղեկութիւնները։ Ստեղծուեցաւ տաքուկ մթնոլորտ։ Խաչուհիները բաժնեցին խմորեղէնները եւ ապա ամէնքս կարգով տեղ գրաւեցինք սրահին մէջ եւ գործադրութեան դրուեցաւ պատրաստուած յայտագիրը։ Մեր դպրոցական փոքրիկները իրենց հրեշտակային ձայներով խանդավառեցին ծերանոցի մեր հայրենակիցները եւ արժանացան սրտաբուխ ջերմ ծափերու։ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Գեղարդ քահանան նախ խօսեցաւ հելլէն ժողովուրդի եւ կառավարութեան հայասիրական անկեղծ զգացումներուն մասին եւ ըսաւ՝ թէ մենք միշտ երախտապարտ ենք իրենց։ Տէր հայրը, ապա բնաբան առնելով Քրիստոսի խօսքը՝ «Եկայք առ իս վաստակեալք եւ բեռնաւորք եւ ես հանգուցից զձեզ»ը, բացատրեց մարդկութեան հանդէպ մեր Տիրոջ ունեցած սէրն ու ողորմածութիւնը։ Ի վերջոյ Տէր Գեղարդ «Պահպանիչ»ով փակեց հաւաքոյթը։ Ծերունիներու խնդրանքով՝ «Փարատեա» մը կարդաց անոնց գլխուն եւ հոգեպէս մխիթարեց զանոնք։ Կ. Խաչի ժրաջան անդամուհիները խոստանալով կրկին այցելել վերադարձան Ֆիքս, ազնիւ գործ մը կատարած ըլլալու հոգեկան գոհունակութեամբ։