Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կիրակի օր, Նոյեմբեր 22-ին, Աթէնքի Օլիմփիկ Փալաս պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, թէյասեղանով մը տօնուեցաւ Դաշնակցութեան «Օր»ը, համակիր ազգայիններու, ընկեր-ընկերուհիներու եւ Գարէայի Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Խաժակ» խումբի անդամներու ներկայութեան։

Նախագահ ընկ. Օննիկ Օննիկեան հակիրճ խօսքերով բացատրելէ ետք «Օր»ուան նշանակութիւնը՝ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեանի յոտընկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը հայ ժողովուրդի եւ հայ հայրենիքի ազատութեան համար զոհուած մեր անհամար հերոսներուն ու գործիչներուն։ Արտասանելու իր բացառիկ ձիրքով աթենահայութեան ծանօթ ընկեր Քրիստափոր Սիւսլեան արտասանեց Սիամանթոյի «Կախաղաններու կատարէն» քերթուածը։ Աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Արուս Գրիգորեան երգեց «Հայաստան, երկիր դրախտավայր» ներկաները պահ մը հոգեւին փոխադրելով մեր յաւերժական հայրենիքը։ Ընկեր Մարգար Շարապխանեան յաջողութեամբ արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Դիւցազնի մը սուրին» քերթուածը։ Ընկեր Կիրակոս Մկրտիչեան կարդաց ոգեշունչ ուղերձ մը, բուռն ծափեր խլելով։ Խօսելու հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս ընկ. Օննիկ Զաքարեան, որ խօսեցաւ կուռ ու խանդավառ ճառ մը։ Ընկ. Զաքարեան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 74 տարիներու բեղուն գործունէութեան, յիշատակեց կարեւոր դէպքեր, դաշնակցական գործիչներու եւ հերոսներու կեանքէն յատկանշական դրուագներ եւ շեշտեց՝ թէ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ իրագործէ ամբողջական Հայաստանի իր իտէալը։

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կը շինուի մանկական անդամալուծութեան հետքերը դարմանելու սահմանուած համակողմանի մեքենայ մը, որ իր տեսակին մէջ ամէնէն նորն է։ Այս մեքենային միջոցաւ՝ հիւանդը պիտի կարենայ աւելի քան 20 շարժում կատարել՝ իր հիւանդ անդամները մարզելու համար։ Մեքենային հնարիչը՝ Երեւանի բժշկական կաճառի դասախօսներէն Գուրգէն Մինասեան վերջերս բժշկական մարմնամարզի ծառայող 20 տեսակ մեքենայ շինած է։