Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Խորհրդային Միութեան բնախօսներու 15-րդ համագումարը։ Հայ բնախօսները, որոնցմէ մէկ քանին միջազգային համբաւ կը վայելեն, զանազան հարցերու շուրջ զեկուցումներ ըրած են։  
 
Հայ առաջին պարբերականին հիմնադրութեան 170-ամեակին առթիւ, գիտական նիստ մը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ «Ազդարար»ի բովանդակութեան եւ հայ հանրային մտքին մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերին մասին արտայայտուած են Մ. Մխիթարեան եւ Հ. Շմաւոնեան։
 
Երեւանի մէջ գումարուած է Հայաստանի ճարտարապետներու վեցերորդ համագումարը։ Միութեան վարչութեան գործունէութեան քննութենէն ետք, շատեր արտայայտուած են Հայաստանի մէջ կատարուող շինարարութեան դրական եւ բացասական գիծերուն մասին։ Վերջին նիստին ընտրուած է ճարտարապետնրեու միութեան նոր վարչութիւնը։
 
Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի ձեռագրատան վարիչը՝ Գոհար Ազնաւուրեան պատրաստած է Դանիէլ Վարուժանի 1901-1915 թուականներուն՝ Արշակ Չոպանեանի, Վահան Թէքէյեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գարեգին Լեւոնեանի եւ ուրիշ անուանի գրողներու ուղղուած 157 նամակներուն հաւաքածոն։ Այս հաւաքածոն, որ պիտի պարունակէ հարուստ ծանօթագրութիւններ եւ անձնանուններու բառարան մը, լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ տարի։
 
Անուանի երգչուհի Գոհար Գասպարեանի համերգները մեծ յաջողութիւն գտած են Ճափոնի մէջ։ Առաջին համերգին, որ տեղի ունեցած է Թոքիոյի մեծագոյն սրահին մէջ, ներկայ գտնուած են 2500 ունկնդիրներ։ Երկրորդ համերգին, որ նոյնպէս տեղի ունեցած է Թոքիոյի մէջ, ներկաներուն թիւը եղած է երեք հազար։ «Սին Ռնքազու» թերթին քննադատը գրած է ի մէջ այլոց.¬ «Գոհար Գասպարեանի ձայնը աշխարհի բոլոր քոլորաթուրներուն մէջ ամէնէն տպաւորիչն է»։