Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւան օր ըստ օրէ աւելի կը բարեզարդուի։
Կարապի եւ Արեւի արուեստական լիճերը, որոնք կը գտնուին առաջինը Օփերայի հրապարակը, իսկ երկրորդը՝ Յաղթանակ հանրային պարտէզին մէջ, Երեւանցիներուն սիրելի ժամադրավայրերը դարձած են։

Ներկայիս կը շինուին երկու նոր արուեստական լիճեր։ Երեւանէն Նորք երթալու համար 20-25 վայրկեան պէտք է։ Հինգ վեց անգամ աւելի քիչ ժամանակ պիտի տրուի նոր շինուելիք ճոպանուղիով, որուն առաջին կայարանը պիտի բացուի մօտ օրէն։ Աբովեանի փողոցը, որ Երեւանի ամենահին փողոցներէն մէկն է, վերանորոգուած է։ Նոր շէնքեր, գեղեցիկ մայթեր, սրճարաններ եւ ծառազարդ ուղիներ հաստատուած են փողոցին երկայնքը։

 

Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի նախագահ Վիքթոր Համբարձումեան Վէյմարէն Երեւան վերադարձած է։ Հայ գիտնականը հրաւիրուած էր գերմանացի բնախոյզներու եւ բժիշկներու 103-րդ համագումարին, որուն մասնակցած էին, Դաշնակցային Գերմանիոյ ու Դեմոկրատական Գերմանիոյ գիտնականները։ Համբարձումեան ծիրկաթիններու (աստղային ամպ) զարգացման մասին տեղեկագիր մը ներկայացուցած է համագումարին։ Մամուլի թղթակիցներուն հետ խօսելով, Վ. Համբարձումեան յայտարարած է. «Վէյմարի Համագումարը, որուն ներկայ եղայ, խիստ շահագրգռական էր։ Այնտեղ հաւաքուած էին բնական գիտութեանց ամենատարբեր ուղղութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք գիտութեան շատ մը այժմէական խնդիրներուն վրայ ակնարկ մը նետեցին։ Տիեզերական հետազօտութեանց նուիրուած տեղեկագիրները շահագրգռութիւն արթնցուցին։ Մոսկուայէն փրոֆ. Մանտելսթամ խօսեցաւ հրթիռներու եւ սփուտնիկներու միջոցաւ կատարուած արեգակի զննութիւններու արդիւնքներուն մասին։ Պէտք է նշել նաեւ փրոֆ. Էյզենպերկի - Դաշնակցային Գերմանիայէն - տեղեկագիրը, որ տարրական մասնիկներու բնոյթին նուիրուած էր։ Դեմոկրատական Գերմանիոյ գիտնականներուն ներկայացուցած շատ մը տեղեկագիրները ցոյց տուին, թէ գիտութիւնը բարձր մակարդակի մը հասած է այս երկրին մէջ։