Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Միացեալ Նահանգները ընտրեցին իրենց նախագահը, եւ ըստ առաջին արդիւնքներուն եւ ելեկտրոնային մեքենաներու հաշիւներուն, Ճոնսընի «մակընթացութիւնը» կը թուի հաստատուիլ:

Նախագահը այժմէն ընտրուած կարելի է նկատել: «Նեշընըլ պրոտքեսթինկ քոմփընի»ն, հիմնուելով առաջին արդիւնքներուն վրայ եւ հակառակ այն բոլոր խոստումներուն, թէ պիտի չդիմէ նման միջոցներու, առտուան ժամը 2:00-ին ծանուցեց, թէ ըստ իր ելեկտրո- նային մեքենաներու տուեալներուն, նախագահ Ճոնսըն շահած է ընտրութիւնը՝ քուէներու 60-70 առ հարիւր համեմատութեամբ: Այդ պահուն, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու ժամի տարբերութեան պատճառով, քուէարկութեան գործողութիւնները կը շարունակուէին 39 նահանգներու մէջ: Կէս ժամ ետք «Քոլոմպիա պրոտքեսթինկ սիսթըմ» այս արդիւնքը կը հաստատէր: Առտուան ժամը 5:50-ին, «Ամերիկայի ձայն»-ի տուած արդիւնքներուն համաձայն, 39 նահանգներու մէջ, որոնց շարքին կը գտնուին Նիւ Եորք (43 ձայն), Օհայօ (28 ձայն), նախագահ Ճոնսըն ստացած էր 15 միլիոն ձայն, իսկ Կոլտուոթըր՝ 10 միլիոն: Նախագահ Ճոնսըն ստացած է ընտրական 326 ձայն, իսկ Կոլտուոթըր՝ միայն 35 ձայն: Այժմէն իսկ կարելի է յայտարարել, թէ Ճոնսըն ընտրուած է, տրուած ըլլալով, որ 270 քուէ բաւարար է յաղ- թելու համար: Ծերակուտական, կառավարչական եւ ներկայացուցչական աթոռներու համար, դեմոկրատները հանդիսացան մեծ յաղթականները: Ռոպըրթ Քենետիի յաղթանակը արդէն իսկ պաշտօնապէս յայտարարուած է՝ իբրեւ Նիւ Եորքի ծերակուտական: Հանգուցեալ նախագահին եղբայրը երկուքի դէմ մէկ ձայնի համեմատութեամբ առաւելութիւն ձեռք ձգած է հակառակորդին վրայ: Ներկայացուցիչներու տան նախագահ ընտրուած է Ճոն Մըք Քորմաք: Ընտրուած են նաեւ բազմաթիւ դեմոկրատ թեկնածուներ: