Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ընտրական տարօրինակ պայքարէ մը ետք, Ամերիկա պիտի ընտրէ այսօր իր նոր նախագահը: Հարիւր տասնը չորս միլիոն արձանագրուած ընտրողներ, բայց իրականութեան մէջ միայն 71 միլիոն հոգի քուէատուփերը պիտի երթան՝ նշանակելու համար իրենց նոր նախագահը:

Բոլոր նախատեսութեանց համաձայն, նախագահ պիտի ընտրուի Լինտըն Պ. Ճոնսըն, ան, որ 22 Նոյեմբեր 1963-ին յաջորդեց նախագահ Ճոն Քենետիի, անոր սպանութենէն ետք: Հակառակ անոր որ պայքարին ելքը եւ յաղթանակը յայտնի են, բայց արդիւնքները Չորեքշաբթի առտու հազիւ յայտնի պիտի ըլլան: Ձայներու համեմատութիւնը պիտի ըլլայ 70 առ հարիւր՝ ի նպաստ Ճոնսընի, իսկ 30 առ հարիւր՝ Կալտուոթըրի: Իսկ փոխ նախագահը պիտի ըլլայ Հիւպերթ՝ Հըմֆրի, որ պարտութեան պիտի մատնէ հանրապետական Ուիլիըմ Միլլըրը: Ուստի յառաջիկայ չորս տարիներու համար եւս Ամերիկա պիտի ըլլայ դեմոկրատ: Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշեր Պիէն Հոայի օդակայանին վրայ գործուած յարձակումը «արդիւնք է այն իրողութեան, որ համայնավարները շատ կը վախնան իմ ընտրութենէս» յայտարարեց հանրապետական թեկնածու Պերրի Կոլտուոթըր: Հանրապետական թեկնածուն այս դիտողութիւնը ըրաւ «Սի. Պի. Էս» հեռատեսիլի կայանի թղթակցին՝ յայտարարելով, որ շատոնց նախատեսած էր, թէ ծանր տագնապ մը պիտի ծագի ընտրութիւններուն քանի մը օր մնացած: Ան աւելցուց. «Համայնավար կուսակցութիւնը կ՛աշխատի իմ պարտութեանս համար: Ոչ թէ անոր համար, որ Ճոնսըն համայնավար մըն է կամ դեմոկրատները՝ համայնավարներ, այլ որովհետեւ համայնավարները միշտ աւելի յաջողութիւն գտած են դեմոկրատներու օրով, քան թէ՝ հանրապետականներու»:

 

Սան Ֆրանսիսքոյի 50 հազար աղաւնիները դատապարտուած են մահուան: Նոր օրէնքի մը համաձայն, աղաւնիներուն կեր տուողը կը դատապարտուի վեց ամսուան բանտարկութեան կամ 500 տոլար տուգանքի: Այս օրէնքը հաստատուած է անոր համար, որ աղաւնիները մարդոց կը փոխանցեն կարգ մը խիստ վտանգաւոր հիւանդութիւններ: