Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մարդիկ ուրիշ որեւէ ատենէ աւելի՞ կը կարդան ներկայիս: Ֆրանսացի փորձագէտներ այս հարցով զբաղեցան եւ շահեկան հաստատումներ ըրին:

Առաջին ու գլխաւոր հաստատումը ա՛յն է, որ հրատարակչական գործը մեծ թափով կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ բոլոր մարդիկը, ո՛ւր որ ալ գտնուին, իրենց տրամադրութեան տակ ունին լաւագոյն հրատարակութիւնները եւ որեւէ ճիւղի մասին ուսումնասիրութիւններ կրնան կատարել: Բայց բոլոր մարդոց ընդհանուր գանգատը այն է, որ կարդալու համար պէտք եղած ժամանակը չունին: եւ իրողութիւն է, որ կեանքը աւելի անդոհալից դարձած է, եւ թէ մարդիկ աւելի մեծ ճիգ ի գործ կը դնեն աւելի շատ դրամ վաստկելու եւ իրենց կարիքները գոհացնելու համար: Հետեւաբար հարցը աւելի արագ կարենալ կարդալն է: Ամերիկացի փորձագէտներ ուզեցին գտնել կերպ մը, որ ամէն մէկուն թոյլ տայ արագօրէն գիրք մը կարդալ: Գործնական մարդիկ ըլլալով՝ արագ կարդալու ուղղութեամբ արդիւնքի մը հասան: Տարիներէ ի վեր կը գործադրեն զանազան մեթոտներ եւ ներկայիս լուծումը գտան: Հանգուցեալ նախագահ Քենետի, որ վերջին տարիներու միակ մտաւորական նախագահն էր, մէկ վայրկեանի մէջ յաջողած էր երկու հազար բառ կարդալ՝ հետեւելով մասնագէտներու կողմէ ցոյց տրուած մեթոտին: Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այդ մեթոտը: Այն բանին մէջ, որ պէտք չէ կարդալ բառ առ բառ, այլ՝ նիւթին վրայէն չափազանց արագ, կայծակնային կերպով անցնելով: Ասիկա կարելի կ՛ըլլայ՝ աչքերը մարզելով եւ կարդալու արուեստը ուսումնասիրելով: Այսինքն ամէն մէկ պարբերութեան մէջ առաջին բառերը կարդալով եւ յետոյ, պարբերութեան վերջին բառերուն վրայ «սահելով»: Պէտք է այս ուղղութեամբ երիտասարդները մարզել, եւ այս նպատակով Փարիզի մէջ կազմուեցաւ Գիտական կազմակերպութեան ընդհանուր յանձնախումբը, որ այս հարցը ուսումնասիրեց եւ ներկայիս այս ուղղութեամբ մեթոտ մը կը կիրարկէ: Այդ մեթոտը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ ամէնքը պէտք է կարդան, ոչ բարձրաձայն, միայն աչքերը պտտցնելով գրութեան վրայ: Պէտք չէ իրենց կարդացածը կրկին կարդան, այլ պէտք է վստահին իրենց յիշողութեան: «Պէտք չէ գրութիւնը ցոյց տան մատով կամ մատիտի ծայրով», կ՛ըսեն մասնագէտները, որովհետեւ ատիկա կ՛ուշացնէ ընթերցումը: