Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ամսոյս 18-ին, Կիրակի, Հելիոպոլսոյ ''Յուսաբեր" ակումբին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ օրուան տօնակատարութիւնը՝ կազմակերպութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով: Բեմին երկու կողմերը զարդարուած էին եգիպտական եւ հայկական եռագոյն դրօշներով:

Հանդէսին բացումը կատարած է օրուան նախագահ Բէգլար Նաւասարդեան: Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են՝ Վահէ Աճեմեան, Հայկազ Գալուստեան եւ Հայկանուշ Չիթճեան: Ապա բեմ հրաւիրուած է օրուան բանախօս Հրաչ Տասնապետեան, որ այդ առթիւ մասնաւոր կերպով հրաւիրուած էր Եգիպտոս: Բանախօսը շուրջ ժամ մը տեւած իր խնամուած բանախօսութեամբ տուած է ՀՅ Դաշնակցութեաննախորդող շրջաններու հայ կեանքը, հայ կեանքի վերջին դարու զարթօնքը ու անոր յաջորդող յեղափոխական շարժման դրդապատճառները, ապա ծանրացած է Դաշնակցութեան 74 տարուան կեանքի զանազան փուլերուն եւ գործունէութեան, ազգային, քաղաքական եւ մարտական: Երկուշաբթի երեկոյ ,Յուսաբերեի տան մէջ Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած բացառիկ հաւաքոյթին դասախօսած է Հրաչ Տասնապետեան ''Հայկական ճարտարապետութիւնը'' նիւթին շուրջ: Ամբողջութեամբ լեցուած սրահը յափշտակութեամբ հետեւած է բանախօսին դասախօսութեան:

 

Ամերիկայի հայոց առաջնորդարանէն կը հաղորդեն.- Քանի մը օր առաջ առաջնորդարան հանդիպեցաւ պատուական հայ ծերուկ մը ու յանձնեց երեք հազար եւ քսան տոլար փոխարժէքով չէք մը՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցին, Պոլիս, Թուրքիա, Ազունիէի բուժարանին, Լիբանան, Նշան Փալանճեան Ճեմարանին, Լիբանան, հայ աչազուրկներուն, Լիբանան,Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին, Լիբանան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, ''Հայրենիք'' օրաթերթին Պոսթըն: Նուիրատուն՝ Թադէոս Թոփալեան, 95 տարեկան ծերունի մըն է, Սեբաստիոյ Ղալտի գիւղէն: Միացեալ Նահանգներ եկած է 1911-ին ու եղած է համեստ գործաւոր մը: