Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կիրակի կէս գիշերին, փոթորկախառն անձրեւ մը սկսաւ Աթէնքի եւ Բիրէայի շրջանին մէջ, պատճառ դառնալով բազմաթիւ երկսեռ քաղաքացիներու մահուան եւ նիւթական անհաշուելի վնասներու: Աթէնքը եւ Բիրէան, իրենց թաղամասերով՝ դժոխային տեսարան կը պարզէին:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը համաձայն, 39 հոգի մեռած են (խեղդուած) 8 հոգի անհետացած, 7 հոգի թեթեւ վիրաւորուած, 3000 հոգի անպատսպար մնացած, 279 տուներ քանդուած եւ 588 տուներ ալ վնասներու ենթարկուած: Ֆրիտերիքի թագուհին, ողողումներու պատճառած աւերումներուն տեղեկանալէ անմիջապէս յետոյ՝ փութաց աղէտահար շրջանները, վնասները տեսնելու եւ աղէտեալներու կարիքներուն տեղեկանալու համար: Աղէտուած շրջանները՝ այցելեցին նաեւ՝ խնամատարական եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարներ պրն. Սթրաթոս եւ Կիքաս, ներքին գործոց եւ հաղորդակցութեան փոխ-նախարար պրն. Փսարէաս եւ Աթէնքի երեսփոխան պրն. Ք. Ռալիս: Ազգ. պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ անմիջապէս զինուորական ուժեր ղրկեց աղէտեալ շրջանները, աղէտահարներուն օգնելու համար: Միաժամանակ, խնամատարական նախարարութիւնը աղէտեալներուն բաժնեց ծածկոցներ եւ 3000 հաց: Կրթական նախարարութիւնը բոլոր վարժարանները տրամադրեց անպատսպար մնացած աղէտեալներուն: Մեր ստացած տեղեկութեանց համաձայն, Ֆիքսի գաղթակայանին մէջ լուրջ վնասներ չեն պատահած: Միայն մէկ քանի տուներ ողողուած են: Մեռեալ ու վիրաւոր չկայ: Գոքինիոյ մէջ ալ մեր ազգակիցները զոհեր չեն ունեցած եւ ոչ ալ վիրաւոր: Վերջին պահուն տեղեկացանք թէ՝ Այ. Եանի Ռենտիի մէջ Կիրակիի ողողումներու հետեւանքով, ողողուած են մեր ընկերներէն Մատթէոս Աջապահեանի եւ Կարօ Ծերոնեանի եւ Եփրեմեանի խանութները: Նաեւ տեղատարափ անձրեւին հետեւանքով՝ «Ազատ Օր»ի տպարանը եւս ջուրերով ողողուած ըլլալուն համար՝ յաջորդ առաւօտ, կարելի չեղաւ թերթը լոյս ընծայել: