Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Գոքինիոյ Սօսէ-Պալեան եւ Ֆիքսի Արշալոյս-Ջամալեան խումբերու կողմէ կազմակերպուած միջանդամական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 9-ին, Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական ակումբին մէջ, որ հաւաքոյթին առթիւ նրբաճաշակ կերպով զարդարուած էր գունաւոր լոյսերով, լուսամփոփներով եւ եռագոյն թուղթերով։

Ներկայ էին՝ Կեդր. Վարչութեան կողմէ՝ ընկ. Շ. Տ. Յարութիւնեան եւ ընկ. Կ. Մկրտիչեան, Երիտասարդացի խումբերու վարչական կազմերը եւ կազմակերպիչ խումբերու անդամ-անդամուհիները։ Ակումբը լեցուն էր ծայրէ ծայր։ Օրուան նախագահ՝ ընկ. Ռոզա Ղազերեան, իր բացման խօսքին մէջ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա՝ բացատրեց հաւաքոյթին նպատակը։ Ըսաւ՝ թէ երկու խումբերու կողմէ գործակցաբար կատարուած այս աշխատանքը եւ ընդհանրապէս որեւէ աշխատանք, աւելի արդիւնաւոր եւ աւելի գնահատելի կþըլլայ բոլորէն։ Աւելցուց նաեւ՝ թէ նման հանդիպումներ պէտք է յաճախ կազմակերպուին, առիթ տալու համար բոլորին, ապրելու ընկերական հարազատ եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ։ Ապա սկսան պարերը որոնցմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան, յանձնախումբի ընկեր-ընկերուհիներու կողմէ պատրաստուած «սանտուիչ»ներով եւ գարեջուրով։ Ժամը բաւական յառաջացած էր երբ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը, որմէ բախտաւորները շահեցան զանազան նուէրներ։ Գոքինիոյ Սօսէ-Պալեան խումբի անխոնջ ներկայացուցիչ ընկ. Վահրամ Մանկոյեան՝ զոյգ վարչութեանց կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ Սկաուտ խմբապետութեան, որ սիրայօժար կերպով տրամադրած էր ակումբը։ Ընկերոջ փակման խօսքով հաւաքոյթը վերջ գտաւ ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ։

Միւնիխի մէջ գումարուած է տեսական եւ կիրառական մեքենագիտութեան նուիրուած միջազգային 11-րդ համագումարը, մասնակցութեամբ 1500 անուանի գիտնականներու։ Այս համագումարին մասնակցած են չորս հայ գիտնականներ։