Հոկտեմբեր 10-ին, փառաշուք հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նորվեկիական Գաղթականական կազմաերպութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան կողմէ կառուցուած ու մեծանուն մարդասէր եւ հայասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնի յիշատակին նուիրուած ծերանոցի շէնքին բացումը, թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տէր Սահակ արք. Այվազեանի կողմէ։
Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Նորվեկիոյ խնամատարական նախարար պրն. Երվոլ, Հիւս. Յունաստանի նախարար պրն. Թալիատուրիս, ՄԱԿ¬ի Գաղթ. գրասենեակի բարձր կառավարիչ իշխան Սատրուտին Աղա Խան, Նորվեկիոյ դեսպանը, մեծանուն բարերարի որդին՝ Օ. Նանսէն, Կիւլպէնկեան հաստատութեան քարտուղար պրն. Կորիւն Քեշիշեան, Նորվեկիոյ Գաղթ. խորհուրդի նախագահ՝ պրն. Սթերէմ, Զուիցերիական Քրիստոն, Օգնութեան հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ պրն. Պենզիկէր, քաղաքապետ պրն. Ցիրոս, հելլէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Ազգ. իշխանութիւնը, հայ բարեսիրական կազմակերպութեանց ներկա- յացուցիչները եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։ Բացման արարողութիւնը սկսաւ խաչահանգիստով՝ զոր կատարեց Առաջնորդ սրբազան հայրը։ Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը ան-գլերէն լեզուով կարդաց գեղեցիկ ուղերձ մը, վեր առնելով Ֆրիտիոֆ Նանսէնի մատուցած ծառայութիւնները տառապակոծ հայ ժողովուրդին։ Շեշտեց այն անհուն երախտագիտութիւնը՝ զոր կը տածէ հայ ժողովուրդը հանդէպ մեծանուն բարերարին, զինքը ծնող նորվեկիացի ազնիւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ հելլէն ասպնջական ժողովուրդին, որ հակառակ իր վէրքերուն, փոքր ասիական աղէտէն անմիջապէս վերջ ապաստան տուաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ապա, տեղի ունեցաւ բացումը յիշատակի մարմարեայ տախտակին, Կիւլպէնկեան հաստատութեան ներկայացուցիչ պրն. Կ. Քեշիշեանի կողմէ պատշաճ ուղերձով մը։ Որմէ վերջ՝ խօսք առաւ Նորվեկիոյ խնամատ նախարարը, որ շեշտեց, թէ՝ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին մէկ մի-լիոնէ հայեր, պոկուեցան իրենց պապենական օճախներէն ամէնէն վայրագ եւ անմարդկային ձեւով։
(Շար. 1)