Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւանի մէջ, լոյս տեսած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի «Պատմա-բանասիրական հանդէս»ին այս տարուան երրորդ թիւը։

Վարդապետական բնոյթ կրող երկու յօդուածներէ զատ գրութիւններ կան Երուանդ Լալայեանի (Կ. Մելիք-Փաշայեան), Յովհ. Շիրազի (Ս. Սողոմոնեան), Դարաս Շեշենկոյի եւ հայ-ուքրանիական մշակութային յարաբերութիւններու (Ա. Աբէլեան) մասին։ Յ. Վարդանեան կը շօշափէ Արեւմտահայերու ընկերային եւ ազգային ճնշման ուժեղացումի հարցը Պերլինի վեհաժողովէն ետք։ Իոն Նանու կը խօսի հայ-ռումանական գեղարուեստական կապերու պատմութեան, իսկ Ա. Փերիխանեան՝ Գառնիի արամէական արձանագրութեան մասին։ Հանդէսի այս թիւին մէջ կան նաեւ նամակներ «Լեհահայերու մասնակցութիւնը Դաւիթ-Բեկի ապստամբութեան» փաստաթուղթերու հաւաքածոյին մասին, ինչպէս նաեւ բանասիրական նկատողութիւններ Յ. Թումանեանի եւ Ս. Նազարեանի գրական ժառանգութեան, Մատենադարանի ձեռագիր բառարաններու, հազուագիւտ երգարանի մը, Հայաստանի գունազարդ խեցեղենի, Հայաստանի հին երկաթաձուլութեան պատմութեան եւ կարգ մը ուրիշ հարցերու վերաբերեալ։ Այս թիւին մէջ կան նաեւ բանավէճերու եւ քննարկումներու, գրախօսականի, գիտական լուրերու, սփիւռքահայ կեանքի եւ լրատուութեան բաժիններ։


Հ
այաստան, ցարդ առեւտրական կապեր հաս
տատած էր 57 երկիրներու հետ։ Այս տարուան ընթացքին երեք երկիրներ եւս՝ Քենիա, Յորդանան եւ Քուէյթ Հայաստանէն ժամացոյցեր եւ ելեկտրական սարքեր ներածած են։ Սպանիա 61-րդ երկիրը պիտի ըլլայ, որ ի մօտոյ առեւտրական կապեր պիտի հաստատէ Խորհ. Հայաստանի հետ։


Կ
ոմիտաս վարդապետի հինգ անունաի աշա
կերտներէն երաժիշտ-ազգագրագէտ Միհրան Թումաճեան՝ վերջերս այցելած է Երեւան եւ ծանօթացած հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան աշխատանքներուն։