Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հին դարերէն սկսեալ, հայեր մասնակցած են ողիմպիական մրցումներուն: Պատմութեան յիշած հին ողիպիականներու վերջին յաղթականը ՀԱՅ մըն է՝ իշխան Վարազդատ:

Ան, Քրիստոսէ ետք 385 թուականին, 291-րդ ողիմպիականին, կռփամարտի առնական մրցումին յաղթած ըլլալով, Թէոտոսիոս կայսեր կողմէ հայկական գահին հաստատուեցաւ: Պատմաբանները անվարան կերպով քաջասիրտ կոչած են զինք: Նորագոյն ժամանակներուն 1952-ի ողիմպիականին մասնակցեցան հայ մարզիկներ եւ ապահովեցին փայլուն յաղթանակներ: Այսպէս՝ Ռափայէլ Չմշկեան փետուր դասի ծանրաբարձութեան ոսկի մետալը շահեցաւ, օղակներու մասնագիտութիւնը հայկական «ներքին» հարցի վերածուեցաւ: 1952-ին Գ. Շահինեան, իսկ 1956-ին եւ 1960-ին Ա. Ազարեան անմրցելի նկատուեցան: Մելպըրնի մէջ բազմիցս Եւրոպայի թեթեւ ծանրութեան ախոյեան՝ կռփամարտիկ Վարդան Էնկիպարեան անխոցելի մնաց: Հռոմի ողիմպիականին, ամերիկահայ լուղորդ Կարի Թոպեան սուզումի առաջին եւ երկրորդ տեղերը գրաւեց, իսկ մօրմէ հայ Ի. Նովիկով Հայաստանի գոյները պաշտպանեց երկու ողիմպիական յաղթանակներով: Մելպըրնի մէջ, տիկին Գարագաշեանց սուզումի 5-րդ տեղը գրաւեց: Հռոմի մէջ Իկոր Տէր Յովհաննէսեան մէկ քայլի 3-րդ տեղը գրաւելով, հանդիսացաւ առաջին հայը, որ պատուաբեր դիրք մը գրաւեց դասական մարզախաղի մը մէջ: Հետագային իր արժէքը փաստեց Երեւանի մէջ (1962-ին) 8:31 մեթրով աշխարհի մրցանիշին տիրանալով: Դարձեալ առաջին հայն է… իրմէ առաջ Վարդան Յովսէփեանը, որ վիրաւորուելով, Մելպըրնի մէջ գունտ արձակելու պատուոյ տեղերէն մէկը կորսնցուց: Ահա ցանկ մը եւս հայ մարզիկներու, որ յաջող կերպով իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձուցին վերջին ողիմպիականներուն.- Ա. Ազնաւուրեան, Նորայր Մուշեղեան, Մ. Ջահուկեան, Արմենակ Ալաճաճեան, Ե. Աբովեան, Է. Ոսկանեան, մարմնամարզի, ըմբշամարտի, թրամարտի, պասքեթի, լողի եւ դասական խաղերու մէջ սովետ խումբով: Ֆրանսա ղրկեց Հայկ Պօղոսեանը (նաւարշաւ), Փ. Ճգնաւորեանը (դասական խաղեր) եւ Տիրան Մանուկեանը (հոքի): Պարսկաստանէն մաս առին՝ Հ. Թամրազեան ծանրաբարձը եւ Վաչիկ Ղազարեան կռփամարտիկը, Եգիպտոսէն՝ Աւետիս Գավլաքեան ֆութպոլիստը… Այս տարի մեծագոյն աստղը կը նկատուի աշխարհի «ճատրակի թագաւոր» Տիգրան Պետրոսեանը: