Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Շաբաթ օր, ճափոնական մայրաքաղաքի հսկայ մարզադաշտին մէջ, Հիրոհիթօ կայսեր եւ կայսրուհիին ինչպէս նաեւ 80 հազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ 18-րդ Ողիմպիական մրցումներու փակման յուզիչ արարողութիւնը։ Ողիմպիականին մասնակցող 94 երկիրներու մարզիկներու խումբերու մուտքէն եւ հելլէնական խումբի գլխաւորութեամբ տողանցքէն ետք, մարզադաշտին լուսարձակներու կէսը մարեցան եւ երեք կայմերու վրայ պարզուեցան Յունաստանի, Ճափոնի եւ Մեքսիկոյի դրօշակները։ Յունաստանինը պարզուեցաւ՝ Ողիմպիական մրցումները այդ երկրին մէջ ծնած ըլլալուն համար, Ճափոնինը՝ ներկայ մրցումներուն կազմակերպիչը ըլլալուն իսկ Մեքսիկոյինը՝ 1968ի Ողիմպիականը այդ երկրին մէջ որոշուած ըլլալուն համար։ Մրցումներու պաշտօնական փակումը յայտարարեց Միջազգային Ողիմպիական Յանձնախումբի ամերիկացի նախագահ պրն. Էյվըրի Պրանտէյճ, որ ըսաւ. «18-րդ Ողիմպիականի մրցումները աւարտած կը յայտարարեմ եւ աւանդութեան համաձայն, բոլոր երկիրներու երիտասարդութեան կոչ կþընեմ, որ այսօրուընէ 4 տարի յետոյ համախմբուի Մեքսիկօ սիթիի մէջ, որպէսզի հոն միասնաբար տօնենք 19-րդ Ողիմպիական մրցումները։ Կը մաղթեմ որ, բարի կամեցողութեան, լաւատեսութեան ու համերաշխութեան ոգիով Ողիմպիական ջահը աւելի նախանձախնդրօրէն, աւելի յանդգնօրէն եւ պատուախնդրօրէն փոխադրուի, մարդկութեան բարիքին համար, դարերու ընդմէջէն»։ Յետոյ, մարզադաշտը սուզուեցաւ խաւարի մէջ, լուսաւորուելով միայն Ողիմպիական ջահին ու դրօշակներու կայմերու տկար լոյսերով։ Զինուորական նուագախումբերը հնչեցուցին Ողիմպիական փառերգը։ Մէկ քանի երկվայրկեան վերջ Ողիմպիական ջահը մարեցաւ ու մարզադաշտին վերեւէն տողանցեցին ճափոնական օդանաւարդութեան սաւառնակները որոնք գոյնզգոյն լոյսեր կը կրէին։ Ապա՝ լուսարձակները կրկին վառեցան, Ողիմպիական դրօշակը վար առնուեցաւ եւ յանձնուեցաւ Թոքիոյի քաղաքապետին, որ զայն պիտի պահէ մինչեւ 1968, երբ պիտի յանձնէ Մեքսիկօ Սիթիի քաղաքապետին։