Խորհրդային Միութեան Համայնավար երիտասարդներու միութիւնը վերջերս հրատարակած է պաշտօնական տեղեկագիր մը, ուր բիրտ անկեղծութեամբ կը ներկայացնէ խորհրդային երիտասարդ քաղաքացիներու սիրային կեանքը: Խորհրդային Միութեան մէջ ամուսնալուծուող այրերու հարիւրին քառասունը 30
տարեկանէն վար են: Մոսկուացի դատաւոր մը տեղեկագիրը պատրաստող յանձնախումբին յայտնած է, թէ իր ձեռքէն անցած 500 ամուսնալուծման պարագաներու մօտաւորապէս մէկ երրորդը դատավարութենէն հազիւ երեք ամիս առաջ ամուսնացած զոյգեր էին: Երիտասարդներու միութեան յանձնախումբը պաշտօնական թիւերով չգոհանալով՝ քննած է մօտաւորապէս տասներկու հազար այրերու, կիներու եւ անոնց բարեկամ զոյգերու սիրային կեանքը: Այս քննութենէն ի յայտ եկած է, որ՝ 1) Բազմաթիւ ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ, դեռ առաջին ռուբլին չշահած, կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան իրենց առաջին զաւակը: 2) Խորհրդային Միութեան եւրոպական մասին մէջ իսկ, մինչեւ Ուրալները, շատ մը ամուսնութիւններ կ՛որոշուին ծնողներու կողմէ: 3) Մոսկուայի եւ ռուսական բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ շատ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ միմիայն իրենց առանձին տունը ունենալու եւ այլեւս իրենց ծնողքին հետ նոյն յարկին տակ չապրելու համար կ՛որոշեն ամուսնանալ: 4) Շատ մեծ թիւով երիտասարդներ կ՛ամուսնանան, որովհետեւ կանխաւ վստահ են, որ եթէ իրարու հետ ապրիլ չկարենան, շատ դիւրաւ կրնան ամուսնալուծուիլ: 5) Ամուսնութեան համար մարմնական ու բարոյական ոչ մէկ նախապատրաստութիւն կայ: Շատ մը երիտասարդուհիներ առանց վարանելու կ՛ըսեն. «Ամուսինիս ճաշարան երթալ պիտի սորվեցնեմ»: Յանձնախումբին կատարած քննութեանց ընդհանուր հաստատումը եղած է այն, թէ Խ. Միութեան մէջ երիտասարդ-երիտասարդուհիները ամուսնութեան կը նային աներեւակայելի թեթեւութեամբ եւ թեթեւամտութեամբ: Մոսկուայի դատաւորները յայտնած են, որ Խորհրդային Միութեան մէջ ամուսնութեան տեւողութիւնը շատ կարճ է: