Քարերու անձեռակերտ քանդակներու, երկաթաքարէ բնական սիւներու ինքնատիպ թանգարան մըն է Հրազդանի կիրճը:
Հայ մարդուն ձեռքով շէնցած, ճոխացած բնութեան մէջ իրենց ինքնատիպ գեղեցկութիւնը ցոյց կու տան բնական քարերը՝ երբեմն իրենց կոշտութեամբ, երբեմն բնական նրբութեամբ: Հրազդանի երկաթաքարի սլացիկ սիւները չորս, հինգ, վեց, նոյնիսկ եօթը կողմեր ունին եւ աչքի կը զարնեն իրենց բնական «ճարտարապետական» ար- տասովոր յղկուածութեամբ: Այս սիւները մերթ ծակոտկէն են, մերթ՝ ապակեփայլ, կամ՝ կապոյտ երանգներով «զգեստաւորուած», երբեմն ալ այնքան յղկուած ու տաշուած են, որ կարծես քարտաշ վարպետներու գործն է: Երկաթաքարէ սիւները անառիկ պարիսպներու, հոյակապ պալատներու, դէպի երկինք բարձրացող սանդուխներու կամ երբեմն ալ գեղեցիկ շքամուտքերու պատ-րանքը կը ստեղծեն այցելուներուն վրայ: Հրազդանի կիրճին մէջ կան նաեւ «քարէ հովահարներ», «քարէ գորգեր» եւ մինչեւ իսկ՝ «քարէ ջրվէժներ»՝ հրաշագործ բնութեան գեղեցիկ երեւոյթները։
Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 1964 տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին պաշտօնական բացումը: Յաղթական կամարներ կանգնած էին Ս. Նշանի մուտքերուն, որոնք զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով եւ լիբանանեան ազգային դրօշակներով: Ս. պատարագը քառաձայն երգեցողութեամբ սկսած էր, երբ յաջորդաբար եւ պատշաճ ընդունելութեամբ եկեղեցի մուտք գործեցին՝ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ազգային բարերար Սուրէն Խանամիրեան՝ իր ընտանեկան պարագաներով, կրթութեան նախարար Էտմոն Կասբար՝ ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի: Պատարագիչն էր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան: Սրբազանը, յանուն Ազգային իշխանութիւններուն, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հօր, բարերար Սուրէն Խանամիրեանին, կրթութեան նախարարին, պետական հայ երեսփոխաններուն, ազգային մարմիններուն եւ ժողովրդեան, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին կրթական այս շէնքին բացման հանդիսութիւնը: