Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հայաստանի խաղողագործութեան, գինեգործութեան եւ պտղաբուծութեան գիտահետազօտական հիմնարկութիւնը հայկական խաղողի եւ պտուղներու նոր, արժէքաւոր տեսակներ կը մշակէ եւ զանոնք երկրին մէջ կը տարածէ։ Իր գոյութեան ընթացքին, հիմնարկութեան ընտրութեան եւ զտումի բաժինը ստեղծած է սեղանի եւ արդիւնաւորութեան գործածուող խաղողի 42 տեսակներ, որոնցմէ «Հադիս», «Մեղրավաղահաս», «Արմենիա» եւ այլ տեսակներ լայն տարածում գտած են արտադրութեան մէջ, իսկ միւսները յաջողութեամբ կը փորձուին երկրին զանազան շրջաններուն մէջ։ Հայաստանի նախալեռնային վայրերուն մէջ փորձեր կը կատարուին հիմարկութեան ստեղծած «Ուրարտու», «Նորակերտ», «Թալին» եւ վաղահաս այլ խաղողի տեսակները յարմարցնելու տեղւոյն կլիմային հետ։ Յաջողութեան պարագային, խաղողագործութիւնը պիտի զարգանայ Թալինի եւ Կոտայքի մէջ։ Այս նոր տեսակներուն առաւելութիւններն են, առաջին, ամիս մը առաջ կը հասուննան, երկրորդ՝ առատ բերք կուտան։ «Արմենիա», «Արագած» եւ «Սեւան» խաղողի տեսակները 1962ին Էրֆուրտի (Գերմանիա) միջազգային գիւղատնտեսութեան ցուցահանդէսին մէջ շահած են ոսկի շքանշաններ։

- Էջմիածնէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Ամենայն Հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. Աեպտեմբեր 24 թուակիր իր գրութեամբ դիմել է Կաթողիկէ եկեղեցու քահանայապետ Պօղոս Զ. պապին, Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Ալեքսիին, Քենթերպըրիի արքեպիսկոպոս տոքթ. Մայքըլ Ռամզէին եւ Եկեղեցիների համաշխարհային  խորհրդի ընդհ. քարտուղար տոքթ. Վիզերթ Հուֆտին՝ հրաւիրելով քրիստոնէական քոյր եկեղեցիները, որպէսզի յառաջիկայ տարի Ապրիլի 24-ին մասնակցին Հայ եկեղեցու եւ ժողովրդի մեծ սուգին՝ աղօթելով մօտ երկու միլիոն հայերի հոգւոց համար, որոնք նահատակո ւեցին Արեւմտեան Հայաստանում, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքում: