Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ «Ճիւմհուրիէթ» թերթի մարզական բաժնին մէջ Ճեմ Աթապէյօղլու, խօսելով հին շրջաններու ողիմպիականներու մասին, կը գրէ ի միջի այլոց.-

Թուրքիոյ Ազգ. Ողիմպիականի կոմիտէն 1912-ին պաշտօնապէս գործի ձեռնարկեց՝ մասնակցելով Սթոքհոլմի Ողիմպիականներուն Սելիմ Սըրրի պէյ «Իգտամ» եւ «Սապահ» թերթերուն ծանուցում տալով, հրաւիրեց Ողիմպիականին մասնակցիլ ուզող երիտասարդները: Երկու հայ երիտասարդներ ընդառաջ գացին հրաւէրին եւ մասնակցեցան Սթոքհոլմի Ողիմպիականին՝ Վահրամ Փափազեան եւ Մը- կըրեան: Վահրամ Փափազեան քոլեճական մըն էր, Պէպէք բնակող թերթերու ցրուիչի մը զաւակը: Ամէն առտու մութնուլուսին Պէպէքէն ճամբայ կ՛ելլէր, շատ անգամ վազելով Պոլիս կ՛իջնէր եւ օրուան թերթերը առնելով՝ կու գար Պէպէք, եւ թերթերը հօրը խանութը կը ձգէր: Յետոյ կը բարձրանար Ռոպերթ քոլեճի ցից զառիվերը՝ դպրոց երթալու համար: Թերթերուն մէջ հրատարակուած ծանուցումը շատ խանդավառած էր Վահրամ Փափազեանը, որ վազքի մէջ առաջին կը հանդիսանար: Իսկոյն դիմեց Սելիմ Սըրրի պէյի, երթալու արտօնութիւն ստացաւ, բայց Սթոքհոլմ մեկնելու համար դրամ պէտք էր: Վահրամ Փափազեան անդամ էր «Արտաւազդ» հայկական ակումբին, որ շատ մը տեղեր ճիւղեր ունէր: Առաջին առթիւ իր ակումբէն նիւթական օգնութիւն ուզեց: Ակումբը ընդունեց իր փափաքը եւ որոշեց Սթոքհոլմ ղրկել Վահրամը, որ շատ ուրախացաւ:

 

Երեւանի մէջ մեռած է Ցոլակ Ամերիկեան: Հայ թատրոնի նուիրուած շնորհալի դերասանը ծնած էր Տրապիզոն, 1887-ին: Բեմական արուեստին կը նուիրուի Պաթումի մէջ, 1906-ին: 1918-էն առաջ երկար տարիներ շրջած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հայաշատ կեդրոնները, աշխատած է Պաքուի, Թիֆլիսի հայկական թատրոններուն մէջ: 1931-ին կը հաստատուի Լենինական: Ցոլակ Ամերիկեան հայ թատրոնի հաստաբուն կաղնիներէն մէկն էր, սիրուած դերասան մը: