Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կիրակի 18 Հոկտեմբերին, Տուրղութիի Ս. Կարապետ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներու յուշատօնը։

Եկեղեցին եւ շրջաբակը ողողուած էին Տուրղութիի շրջանէն, Աթէնքէն եւ միւս թաղամասերէն եկած ազգակիցներով։ Ներկայ էին Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը, յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, Թաղային մարմինները եւ բոլոր կազմակերպութեանց վարչական կազմերը։ Օրուան պատարագիչն էր Տուրղութիի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Գեղարդ քհնյ. Պապօղլեան։ Արարողութեանց կը նախագահէր թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեան, որ «Հայր Մեր»էն առաջ խօսեցաւ ոգեշունչ քարոզ մը, պանծացնելով Հաճնոյ հերոսամարտի յիշատակը։ Ս. պատարագի վերջաւորութեան, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւն՝ Հաճնոյ հերոս նահատակներու յիշատակին։ Ապա՝ խօսք առաւ Հայ Աւետարանական համայնքի հովուապետ Վերապատուելի Գրիգոր Տեմիրճեան, որ խորիմաստ վերլուծումով մը մօտեցաւ Հաճընի հերոսամարտին։ Վերապատուելիին ոգեշունչ խօսքերը խորապէս տպաւորեցին հաւատացեալ բազմութիւնը։ Վերջաւորութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ Տ. Գեղարդ քահանայ կատարեցին օրհնութիւնը մատաղին՝ Հաճընցիներու աւանդական ճիտապուրին, որ Շաբաթ գիշերուընէ պատրաստած էին Հաճընցի մամիկներն ու հայուհիները։ Մատաղի կաթսաները շրջապատած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի սկաուտներն ու գայլիկները։ Ապա, խուռներամ բազմութիւնը, խումբ խումբ ուղղուեցաւ դէպի Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան ճաշասրահը, ուր ճաշակեց մատաղ-ճիտապուրը, իր գնահատանքը յայտնելով Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան, որ ամէն տարի առիթ կþընծայէ մեզի հաղորդուելու մեր նահատակներու հոգիներով։