Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պարսկաստանի հնագոյն քաղաքներէն է Նոր-Ջուղան (Իսֆահան), որ իր պատմական-գեղարուեստական կոթողներով, Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն քաղաքներէն կը համարուի։

Բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կþայցելեն դիտելու համար անոր գողտրիկ մզկիթները, պալատները, հայոց դարաւոր վանքը, անոր թանգարանը եւ այլ պատմարժէք վայրեր։ Չորս տարի առաջ Նոր-Ջուղայի մէջ հիմնուեցաւ նաեւ հայ լեզուի եւ գրականութեան համալսարան մը, որուն ամէն կերպ կþօգնէ եւ կ'օժանդակէ Պարսկաստանի կըրթական նախարարութիւնը։ Համալսարանը, չորս տարուան ընթացքին, հետզհետէ կազմակերպուելով այժմ դարձած է հիմնաւոր կազմակերպութիւն մը։ Պարսկահայ ակնառու եւ նուիրուած մտաւորականներ, իրենց կարելին կþընեն, բարձր պահելու համար համալսարանի կրթական մակարդակը։ Ուսանողներու թիւը տարուէ տարի աւելցած է։ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը մեծապէս կþօժանդակէ կրթական այս ազգօգուտ հաստատութեան։ Այս տարի, իւրաքանչիւր ուսանողի յատկացուցած է կրթաթոշակ, պայմանաւ որ կանոնաւոր հետեւող ըլլայ համալսարանի դասընթացքներուն։ Իսկ լաւագոյն շրջանաւարտները Հիմնարկութեան ծախքով պիտի ուղարկուին Ֆրանսա, ձեռք բերելու համար գիտական աստիճանի տոքթորի վկայական։


Եուկոսլաւ մայրաքաղաք՝ Պելկրատ, տօնեց
իր ազատագրութեան 20-րդ տարեդարձը, սովիէթական սաւառնակային արկածին հետեւանքով սուգով խառն մթնոլորտի մը մէջ։ Մարաջախտ Թիթօ յետ մահու բարձր պատուանշաններ շնորհեց արկածի զոհ բոլոր ռուս բարձրաստիճան զինուորականներուն։ Միւս կողմէ, Պելկրատի քաղաքապետութեան կողմէ, տօնակատարութեան առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական հաւաքոյթի մը ընթացքին, ի ներկայութեան մարաջախտ Թիթոյի, Եուկոսլաւիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Կոզնիակ գովքը հիւսեց մարաջախտ Պիրիուժովին եւ արկածի զոհ գացած միւս սպաներուն, որոնք գործնապէս մասնակցած էին Պելկրատի ազատա- գրման, 1944 Հոկտեմբերին։