Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական երեկոն՝ նուիրուած Աւետիս Ահարոնեանի յիշատակին:
Վարչութեան նախագահ Շաւարշ Թորիկեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հաճելի անակնկալ մը եղաւ, Ամերիկայէն դէպի Հայրենիք իրենց կատարած շրջապտոյտէն վերադարձի ճամբուն, տէր եւ տիկին Վարդգէս Ահարոնեաններու ներկայութիւնը: Ապա ծանօթ գրագէտ Վարդգէս Ահարոնեան բեմ բարձրացաւ: Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին եղած պատուին համար եւ ըսաւ. «Այս պատիւը ուղղուած է այն անունին, որ ես երջանիկ ու հպարտ եմ կրելուս»: Այնուհետեւ, Աւետիս Ահարոնեանի կեանքն ու ապրումները ներկայացնող յուշեր պատմեց ներկաներուն: Ներկայացուեցաւ ժապաւէնի առնուած նշմար մը այն մեծ մարդու ճառէն, որ կը պատգամէր հայ ժողովուրդին՝ «Ապագադ քու ճիգովդ ու կամքովդ պիտի կերտես»:
Նիւ Եորքի միջազգային տօնավաճառին հայ ժողովրդական փառատօնը երրորդ անգամ ըլլալով՝ ներկայացուած է հոն, այս անգամ Միացեալ Նահանգներու տաղաւարին մէջ: Բացումը կատարուած է ամերիկեան ազգային երգով, «Յառաջ Նահատակ»ով եւ «Տէրունական աղօթք»ով: Պարզուած էին ամերիկեան աստղազարդը եւ հայկական եռագոյնը: Մայքըլ Ֆոլի, որ կառավարական տաղաւարի մասնաւոր յայտագիրներու տնօրէնն է, ներկայացուցած է օրուան հայկական յայտագրի վարիչը՝ Արթըր Համբարեան: Արմէն Պապամեանի ղեկավարութեամբ երգած է «Գուսան» երգչախումբը, եւ պարած «Նայիրի» պարախումբը, ազգային գեղեցիկ տարազներով, ղեկավարութեամբ Նուարդ Համբարեանի: Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը՝ ազգային երգեր, պարեր, մեծապէս գոհացուցած է հոծ բազմութիւնը, որ գրաւած էր ամբողջ տաղաւարը: Հայկական փառատօնի երրորդ եւ վերջին ներկայացումն էր ասիկա այս տարուան համար: Յառաջիկայ տարուան համար նոր ծրագիր պիտի մշակուի: