«Նոր Չինաստան» պաշտօնական գործակալութիւնը հաղորդեց՝ թէ չինական ժամով ժամը 3-ին, Չինաստանի արեւմտեան մասին մէջ յաջողութեամբ կատարուած է չինական անատական ռումբի փորձը։
Աւելցուց՝ թէ ասիկա չինացի ժողովուրդի մեծ յաջողութիւնն է՝ իր պաշտպանողական կարողութիւնը զօրացնելու եւ կորիզային շանթաժի ու կորիզային սպառնալիքի ամերիկեան իմփերիալիստական քաղաքականութեան հակազդելու պայքարին մէջ։ Շեշտեց որ չինական կառավարութիւնը միշտ պահանջած էր որ բոլորովին արգիլուին կորիզային զէքները եւ փճացուին գոյութիւն ունեցող պահեստները։ Եթէ ասիկա եղած ըլլար՝ Չինաստան պիտի չստիպուէր կորիզային զէնքեր շինել։ Չինական կառավարութիւնը միշտ ալ յայտարարած էր, թէ կորիզային փորձերու մասնակի արգիլման Մոսկուայի համաձայնութիւնը Ռուսիոյ, Անգլիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ, մեծ խաբէութիւն մըն էր, աշխարհի ժողովուրդները մոլորեցնելու եւ կորիզային զէնքերու մենաշնորհը միայն իրենց վերապահելու համար։ Այլապէս, ամերիկեան կառավարութիւնը այն ատեն յայտարարած էր, որ Մոսկոայի համաձայնութիւնը իրեն չարգիլեր ընդերկրկեայ կորիզային փորձեր կատարել եւ կորիզային զէնքեր շինել, մթերել եւ արտածել։ Անցեալ տարի, Ամերիկա չդադրեցաւ կորիզային զէնքեր շինելէ եւ կատարելագործման համար ընդերկրեայ փորձեր կատարելէ։ Ասիկա՝ չինացի, ճափոնացի եւ ասիական միւս ժողովուրդներուն դէմ սպառնալիքի միջոց է։
Նախագահ Տը Կոլ Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ իր շրջապտոյտը վերջացնելով վերադարձաւ Փարիզ։ Օդանաւակայանին մէջ նախագահը ընդունուեցաւ վարչապետ պրն. Ժորժ Փոմփիտուի եւ կառավարութեան անդամներուն կողմէ։ Նախագահը առողջութեամբ լաւ կ'երեւէր եւ չորս շաբաթ տեւած շրջապտոյտէն յոգնած ըլլալու երեւոյթը չունէր։ Ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրաւ իր այցելութեանց առնչութեամբ։