Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի հարստութիւններէն մէկն ալ անոր լեռներն ու լեռնային արօտավայրերն են։ Ամբողջ աշխարհ մը՝ որ արօտավայր ըլլալէ զատ, կարեւոր դեր կատարած է մեր ժողովուրդի բնաւորութեան, կենցաղային ձեւաւորման գործին մէջ։

Ապրելով լեռներու բնաշխարհի մը մէջ, հայը սորված է սիրել բնութիւնը, սքանչանալ անոր գեղեցկութիւններուն վրայ։ Բնութիւնը կոփած է հայուն աննկուն կամքը։ Ու զարմանալի չէ, որ մեր լեռները, խաշնարածներուն կեանքը, անոնց կենցաղն ու սիրավէպերը այնքան լայն տեղ գրաւած են մեր ժողովրդական ստեղծագործութիւններուն մէջ, մեր մեծ գրագէտներուն՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Ռաֆֆիի, Վրթանէս Փափազեանի, Վահան Միրաքեանի եւ ուրիշներու ծանօթ գործերուն մէջ։ Ներկայիս Հայաստանի լեռնային արօտավայրերուն տարածութիւնն է 576 հազար հեկտար ու ծովի մակերեսէն բարձր են 1800-էն մինչեւ 3500 մեթր։ Այնտեղ տիրող կլիման այլազան է.- անձրեւներով հարուստ է հիւսիսային շրջանը, իսկ չոր ու խիստ է՝ հարաւը։ Պարզ է ուրեմն, թէ ջուրը շատ կարեւոր է երկրին այդ չոր մասերուն համար։ Այս հարցով կը զբաղի յատուկ մարմին մը, որ կը կոչուի «Հայաստանի ջրային տնտեսութեան մինիստրութեան ջրային պրոբլեմների եւ հիդրոտեխնիկայի ինստիտուտի ջրարբիացման սեկտոր»։ Վերջին շրջանի ուսումնասիրութիւններէն ի յայտ եկած է, որ Հայաստանի արօտատեղիներուն վրայ արածող վեց հարիւր հազար եղջերաւոր անասուններուն եւ մօտ երկու միլիոն ոչխարներուն համար Մայիս 20-էն մինչեւ Հոկտեմբեր մէկ պէտք եղած է քսան միլիոն խորանարդ մեթր ջուր։ Լեռնային մօտ 2600 աղբիւրները վայրկեանը միջին հաշուով երկուքուկէս լիթր ջուր կը հայթայթեն եւ այդ աղբիւրներուն միայն եօթը տոկոսն է, որ վայրկեանը տասը եւ աւելի լիթր ջուրի քանակութիւն ունի։ Հետեւաբար այդ պակասը լրացնելու համար պէտք է գտնել ջուրի նոր աղբիւրներ։ Նախատեսուած է մեծ չափի աշխատանքներ կատարել, որպէսզի անասունները ամէն վայրի մէջ ջուր ունենան իրենց տրամադրութեան տակ։