Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մ. Օ. ստորագրութեամբ կը կարդանք հետեւեալ թղթակցութիւնը.- Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչի Վարչութիւնը, ձմեռնային եղանակի իր առաջին անդամական հաւաքոյթը կազմակերպեց Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ։

Ներկայ էին՝ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչները եւ Ֆիքսի մասնաճիւղի անդամուհիները, բաւական մեծ թիւով։ Հաւաքոյթին բացումը կատարեց ընկ. Շաքէ Ղազերեան, որ ամփոփ քանի մը խօսքերէ յետոյ հրաւիրեց օրուան դասախօս ընկ. Շաքէ Տէր Յարութիւնեանը, որ շատ խնամուած դասախօսութիւն մը ըրաւ՝ «Իգական սեռին իրաւունքները» նիւթին շուրջ։ Ընկերուհի Տէր Յարութիւնեան պարզ ու մաքուր հայերէնով խօսեցաւ կնոջ դիրքի մասին, հին դարերէն մինչեւ այսօր։ Մէկ առ մէկ թուեց կնոջ դիրքին մէջ դարէ դար յառաջացած փոփոխութիւնները, մինչեւ կնոջ ազատագրումը եւ այր մարդուն հաւասար իրաւունքներու տիրացումը, աշխարհի մեծ մասին եւ մասնաւորաբար քաղաքակրթական բարձր մակարդակի վրայ գնուող երկիրներու մէջ, ուր տիրացաւ նաեւ քուէի իրաւունքի։ Ընկերուհին շատ գեղեցիկ կերպով բացատրեց՝ թէ որքան շատ առաւելութիւն մըն է կնոջ համար քուէի իրաւունքը։ Ի վերջոյ, անդրադառնալով հայկական իրականութեան, եւ Թեմական ընտրութիւններուն, շեշտեց՝ թէ յունահայ բոլոր կիները եւս պիտի մասնակցին անոնց, հպարտօրէն ու խոր գիտակցութեամբ։ Աւելցուց՝ որ անոնք իրենց քուէով բաժին պիտի ունենան մեր գաղութի վերակազմութեան ու յառաջդիմութեան աշխատանքին մէջ եւ իրենց ամէնէն նուիրական պարտականութիւններէն մէկը կատարած պիտի ըլլան։ Ընկ. Տէր Յարութիւնեանի խօսքերը արժանացան ջերմ ու երկարատեւ ծափերու։ Այս օգտաշատ դասախօսութենէն ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած համեղ անուշեղէններով։ Նախագահ ընկ. Ղազերեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօս ընկերուհիին եւ ներկաներուն եւ փակուած յայտարարեց հաւաքոյթը։